Նախիջեւանի սահմանին վրայ հայկական բանակը յառաջացած է 100 քառակուսի քիլոմեթր – լուսանկարներ

\n

\n

Յունիսի սկիզբը, ատրպէյճանցիներուն համար անսպասելի եւ անակնկալ զինուորական արագընթաց գործողութեամբ մը, հայկական բանակը Նախիջեւանի սահմանին վրայ յառաջացաւ եւ իշխող դիրքեր ու բարձունքներ գրաւեց։ Հայկական կողմին վերահսկողութեան տակ անցաւ հարիւր քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւն, որ մինչ այդ վերահսկման տակ չէր բարդ աշխարհագրութեան եւ կլիմայական պայմաններու պատճառով։ Նշենք, որ քարտէսով այդ տարածութիւնը Հայաստանի տարածք է, սակայն մշտական զինուորական դիրքեր եւ պահակակէտեր չկային հոն։

\n

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար զօրավար Զաքիր Հասանովը, Յունիս 25-ին ատրպէյճանական «ԱՆՍ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին հաստատեց, որ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները իսկապէս նոր դիրքեր հաստատած են սահմանագծին վրայ։

\n

Ռազմինֆօ լրատուական ցանցի հրապարակած լուսանկարները ցոյց կուտան, թէ հայկական պահակակէտերը որքան աւելի նպաստաւոր եւ բարձր դիրքի վրայ են։ Ատրպէյճանական զինուորներու խրամատներու մէջը յստակօրէն կը տեսնուի հայկական նոր դիրքերէն։

\n

Նախիջեւան քաղաքը այս դրութեամբ կը գտնուի հայկական սահմանէն 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Լուսանկարները՝ Կարէն Վրթանեսեանի։

\n

\n

 

\n

\n

ատրպէյճանցիներու դիրքերը

\n

 

\n


\n

Հեռուն Նախիջեւան քաղաքը հայկական դիրքերէն դիտուած 

\n

 

\n


\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.