ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Լիբանանի Բաժակակիր
ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Լիբանանի Բաժակակիր
Երէկ գիշեր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցաւ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի աւարտական ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան քանի մը օրեր առաջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռիատի Պէյրութ եւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները արգելք հանդիսացան, որ Ռիատի տուպլէ մը իրագործէ` նկատի ունենալով, որ իրենք բարձրացուցին բաժակը` առաջին անգամ ըլլալով, արձանագրելով 52-39 արդիւնքով յաղթանակ մը:
***
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ գիշեր, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութը եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասը:
Բնականաբար, քանի մը օրեր առաջ Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած Ռիատի Պէյրութ պիտի ուզէր յաղթել այս մրցումին ալ` տուպլէ մը իրագործելու համար:
Սակայն, առաջին քորթըրէն մինչեւ վերջին քորթըրը, ՀՄԸՄ տիրապետելով իր մրցակիցին վրայ արգելք հանդիսացաւ Ռիատիի, որ իր փափաքածը իրականացնէ:
Արձանագրելով 52-39 արդիւնքով յաղթանակ մը (9-17, 13-33, 27-42 եւ 39-52), ՀՄԸՄ Անթիլիաս առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկները այս մրցումին դաշտ ներկայացան հետեւեալ կազմով.
Լուպնա Ապտալլա (34′ 50″, 9 կէտ, 11 ռիպաունտ), Ալիք Թապաքեան (8′ 53″, 2 կէտ), Մեղրի Թորոս (35″), Լէյլա Ֆարես (33′ 39″, 3 կէտ, 3 ռիպաունտ), Քրիսթին Մուֆարրեժ (5 09″, 2 ռիպաունտ), Նաթալի Սվաճեան (38′ 44″, 10 կէտ, 5 ռիպաունտ), Սանտրա Նաժըմ (40′, 14 կէտ, 4 ռիպաունտ) եւ Այտա Պախոս (38′ 07″, 21 կէտ, 14 ռիպաունտ):
Իսկ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շատա Նասըր (40′, 13 կէտ, 5 ռիպաունտ):
Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի հաշուապահ Ժորժ Սապունճեանի:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասը` անոր կատարած իրագործումին համար: