Իսլամական Խալիֆայութեան Հաստատումը Յայտարարուեցաւ


ՊԱՂՏԱՏ, «Էյ.Փի.».- Իրաքի եւ Շամի (Սուրիոյ) իսլամական պետութիւն խմբաւորումը Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ Իսլամական խալիֆայութեան պետութեան հաստատումը յայտարարեց եւ իր ղեկավարը՝ Ապու Պաքր Պաղտատին, հռչակեց իսլամներու խալիֆան:
Խմբաւորումը յայտարարեց, որ այսուհետեւ իր ինքնակոչ պետութեան անունէն «Իրաք եւ Շամ»ը պիտի ջնջուի եւ պետութիւնը պիտի կոչուի «Իսլամական խալիֆայութեան պետութիւն» եւ պիտի կառավարուի իսլամական օրէնքներով։
Միւս կողմէ, Իրաք Կիրակի օր ստացած է «Սուխոյ» տիպի ռուսական ռազմական օդանաւեր, որոնք պիտի օգտագործուին իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ արշաւին ընթացքին։
Նաեւ, Իսրայէլ խստացած է Յորդանանին օժանդակել՝ դէմ դնելու համար Իրաքէն Յորդանան անցնիլ փորձող իսլամ ծայրայեղականներուն։
Յորդանանեան աղբիւր մը հաղորդած էր, որ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն կողմէ Յորդանանի հետ իրաքեան սահմանին մօտերը գտնուղ դիրքի մը գրաւումէն ետք՝ Ամման սկսած է սահմանի իրաքեան կողմէն յարձակումի մը դիմակայման պատրաստուելու:
Նշենք, որ Յորդանան, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Միացեալ Նահանգներ, անցնող շաբաթավերջին յայտարարած էին, թէ պատրաստ են բազմակողմանի աջակցութիւն ցուցաբերելու Իրաքի նոր կառավարութեան, որ պէտք է ձեւաւորուի երկրի բնակչութեան հիմնական կրօնական եւ ազգային խումբերուն՝ շիիներու, սիւննիներու եւ քիւրտերու մասնակցութեամբ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչները նշած են, որ արաբական երեք պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները Իրաքի իրադարձութիւնները քննած են՝ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Արաբ նախարարները ընդունած են, որ խորապէս անհանգստացած են Իրաքի եւ Շամի իսլամական պետութիւն անունով ծանօթ ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ աճող սպառնալիքներէն: Քերին ու անոր գործընկերները համաձայն գտնուած են, որ այդ խմբաւորումը սպառնալիք է ամբողջ շրջանին համար:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն ներկայացուցիչ մը յայտնած է, որ հանդիպման մասնակիցները նաեւ քննած են սուրիական ընդդիմութեան օգնութիւն յատկացնելու հարցը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.