Աղթամարի Ս. Խաչ վանքը UNESCO-ի ժառագութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու դիմում կատարուեցաւ


Հրանդ Գասպարեան Տէմօքրաթ Հապէր կայքէջի վրայ ունի հետեւեալ լրատուութիւնը.Վանի Մշակոյթի Ու Զբօսաշրջութեան Շրջանային Տնօրէն Մուզաֆֆէր Աքթուղ հաղորդեց թէ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մօտ դիմում կատարուեցաւ որպէսզի Վանի Աղթամար եկեղեցին եւս առնուի Աշխարհի Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։ Ան ըսաւ որ Աղթամարի եկեղեցին Աշխարհի Ժառանգութեան Ցանկին մէջ մտնելու համար հարկաւոր տասը յատկանիշներէն վեցը ունի։ Մինչ այդ յատկանիշներէն մէկն իսկ կը բաւէ որպէսզի յուշարձանը ընդունուի ցանկին մէջ, Աղթամարը ունի վեց յատկանիշ։ Ուրեմն վստահ ենք որ Աղթամարը վերջին հաշուով պիտի ընդունուի ցանկէն ներս, ըսաւ Աքթուղ։

Աքթուղ, թէեւ կը գործածէր թրքացած ձեւով «Ագտամար» անունը, այլ ո՛չ թէ «Աղթամար»ը, խօսակցութեան ընթացքին «Եկեղեցի» բառը գործածեց Աղթամարի մասին, փոխանակ թանգարան բառը գործածելու։ Ան ըսաւ. «Վստահ ենք որ Ագտամարի մեր եկեղեցին պիտի ընդունուի ցանկէն ներս»։

Լրատուութեան մէջ անգամ մը եւս մանրամասնութիւններ կը տրուին Աղթամարի եկեղեցիին ու շրջակայքին մասին, կը խօսուի անոր պատմական անցեալին մասին, կը յիշուի թէ եկեղեցին Հայոց Գագիկ Ա. Թագաւորին կողմէ կառուցուած էր որպէսզի հոն պահպանուէր Քրիստոսի Խաչելութեան ընթացքին գործածուած Խաչին մասունքը։ Արտաքին պատերու ցցուն քանդակներով եկեղեցին Հայկական Ճարտարապետութեան յատկանշական մէկ նմոյշն է, ըսուած է լրատուութեան մէջ։

Լրատուութեան մէջ կը յիշուի որ 1951 թուականին կառավարութիւնը որոշած էր փլել Հայկական եկեղեցին։ Փլուզումի աշխատանքը սկսաւ, բայց Եաշար Քէմալ, որ այդ օրերուն երիտասարդ լրագրող մըն էր, իմացաւ փլուզումի աշխատանքին մասին ու ըրաւ նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ վերջ իշխանութիւնները հրաժարեցան եկեղեցին փլցնելէ։

Մեսրոպ Սրբազան Եկեղեցւոյ նորոգութեան շրջանին շատ աշխատեցաւ որպէսզի եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ Խաչ մը զետեղուի ու եկեղեցւոյ մէջ արտօնուին կրօնական արարողութիւններ։ Մեսրոպ Սրբազանին այս առաջարկը չընդունուեցաւ։ Վերանորոգուած եկեղեցին բացուեցաւ որպէս Թանգարան, ինչ որ մեծ զայրոյթ պատճառեց Սփիւռքահայութեան։ Բայց կառավարութիւնը աւելի վերջ արտօնեց որ տարին մէկ անգամ արարողութիւն կատարուի։ Հայկական շրջանակներ գանգատեցան որ կառավարութիւնը այս բացումը շովի վերածեց ու գործածեց քաղաքական նպատակներով։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.