Մոնթրէալի Բաստրմաճեան երկրորդականի Ե. Կարգի հանդիսութիւն


Նախակրթարանի Զ. կարգի աշակերտներուն վկայականաց բաշխումի հանդէսէն ետք, կ.ե.ժամը 4-ին, տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Բաստրմաճեան երկրորդականի Ե. կարգի շրջանաւարտներուն վկայաններու բաշխման հանդիսութիւնը:

Աւարտական դասարաններու 42 աշակերտներ յատուկ հանդիսութեամբ ներկայացան իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձնելու եւ իրենց իւրայատուկ ոճով վարեցին այս վերջին պաշտօնական պահը իրենց սիրելի դպրոցէն ներս, ուր մեծամասնութիւնը անցուցած է վերջին 12 տարիները, կերտելով անքակտելի կապեր եւ անմոռանալի յիշատակներ:

Հանդիսութեան ներկայ էին բազմաթիւ յարգարժան հիւրեր՝ Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ աւգ. Քահանայ Գոյունեան, Ազգային վարչութիւններու, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ կրթական մարմնի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, Հ.Յ.Դ.Կ.Կ. եւ կոմիտէներ, Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանայինի, Մոնթրէալի «Սօսէ» եւ Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, Հ.Յ.Դ.Գ.Ե.Մ.ի «Լ.Շանթ»«Բ.Աշոտ» մասնաճիւղի, Համազգայինի Գանատայի Շրջանայինի եւ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութեանց ներկայացուցիչներ, Ս. Յակոբ կրթական հաստատութիւններու տնօրէնութեան անդամներ, ուսուցչական կազմ եւ ծնողներ:

 

Հպարտ ու յուզուած՝ աշակերտները մուտք գործեցին հանդիսասրահէն ներս առաջնորդութեամբ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին անդամներուն, եւ շրջապատուած իրենց ուսուցիչներով իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ:

Հայաստանի օրհներգին եւ երկրորդականի բաժնի հանդիսավար՝ Պրն. Մհեր Գարագաշեանի բացման խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր մը:

Դաշնակի վրայ ելոյթ ունեցաւ Կորիւն Գոյունեան, որ նուագեց Շումանէն կտոր մը: Դ. կարգէն Րիթա Մամիրոյեան կատարեց «Թռչէի մտքով տուն» երգը դաշնակի ընկերակցութեամբ Քէվըն Շահպազիի, իսկ Անայիս Սարգիս ասմունքեց Դանիէլ Վարուժանի «Ձօն» բանաստեղծութիւնը:

 Բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի ընդհանուր Տնօրէնուհին՝ Տիկին Լենա Գատեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք բարերարներուն եւ ծնողներուն, անդրադարձաւ «Վերապրած առարկաներու առցանց թանգարանի ծրագրին» որ յառաջիկայ տարուան աշխատանքներէն մէկը պիտի ըլլայ դպրոցէն ներս: Ծրագիրը պատրաստած է Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի դաստիարակչական յանձնախումբը, որու «ընդմէջէն հայ աշակերտները 1915-ի ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մշակոյթի նիւթեղէն ժառանգութեան մասին իրեզեկ պիտի դառնան իրենց անմիջական շրջանակէն սկսելով»:

 

Տիկ. Գատեան, դառնալով շրջանաւարտներուն, հրաւիրեց անոնց յոտնկայս ծափահարութիւններով շնորկալութիւն յայտնելու իրենց ծնողներուն տարիներու ընթացքին կատարած իրենց զոհողութիւններուն համար: Ապա, Տիկ.Գատեան շեշտեց, որ Ս.Յակոբ վարժարանը ձգելով, անհրաժեշտ է, որ չմոռնան երեք կէտեր. իր խօսքին մէջ, ան ըսաւ. «Մի մոռնաք երբեք, առաջինը՝ ձեր հայորդիի ինքնակերտումը, երկրորդը՝ ձեր դպրոցի չորս արժէքները՝ յարգանք, պատասխանատուութիւն, համագործակցութիւն եւ յարատեւում, եւ անոնց կողքին քրիստոնեայ հաւատքը, որովհետեւ դուք էք, որ ողջ պիտի պահէք ձեր դպրոցն ու եկեղեցին: Իսկ երրորդ՝ ձեր տնօրէնութեան պատգամն է, որ եռանդով շարունակէք ձեր բարձրագոյն ուսումը, ընտրելով նիւթ մը եւ ճիւղ մը, որ կը հետաքրքրէ ձեզ եւ ոչ թէ նկատի ունենալով ապագայ նիւթական նպաստ մը. որովհետեւ այդ պարագային է, որ պիտի փայլիք ձեր ընտրած մարզին մէջ»:

 Տնօրէնուհիին խօսքին յաջորդեց վկայականներու բաշխումը: Վկայականներու կողքին՝ Երկրորդական Ե. կարգերու շրջանաւարտները ստացան նաեւ ուսումնական գերազանցումի վկայագրեր (MÉRITAS), իրենց ցուցաբերած յաջող արդիւնքներուն համար մէկ կամ մէկէ աւելի նիւթերու մէջ:

 

Տիկ.Գատեան բեմ հրաւիրեց մրցանակներ նուիրած անհատներն ու միութիւններու ներկայացուցիչները, որպէսզի իրենց ձեռամբ յանձնեն նուէրները աշակերտներուն:

 Համազգայինի Շրջանային վարչութիւն եւ Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի զոյգ վարչութիւնները Հայաստանի ճանապարհածախս տրամադրեցին 2 աշակերտներու, որոնք առիթը պիտի ունենան մասնակցելու Յուլիս 2015-ին կայանալիք Համազգայինի Երիտասարդականի ֆորումին:

Մրցանակիրներն էին Մարիամ Մկրտչեան եւ Նանոր Քիւփէլեան, որոնք լրացուցին հայերէնի մէջ բարձրագոյն միջինները ապահոված ըլլալու պայմանը:

Լաւալի Ս.Գէորգ Հայց.Առաք.Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան նուէրը ստացաւ Մարիքա Ճիափուծեան, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է ֆրանսերէնի մէջ:

 Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի մետալով պարգեւատրուեցաւ Մարիամ Մկրտչեան, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է հայերէնի մէջ:

 Գանատայի հայ առեւտրականներու խորհուրդը 2 դասակարգերու մէջ պարգեւներ տրամադրած էր. Սերենա Քիւլլիւքեան եւ Թամար Մերտխանեան ստացան անգլերէն լեզուի մէջ բարձրագոյն միջին ապահոված աշակերտին յատկացուած պարգեւը, մինչ Թանիա Ժօանէթ ստացաւ գործարարութեան նիւթին մէջ (entrepreneuriat) բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտին տրամադրուած պարգեւը:

 Սեւան Յուսիկեան պարգեւատրուեցաւ որպէս այն աշակերտը որ գնահատելի միջին ապահոված է գործարարութեան (entrepreneuriat) նիւթին մէջ եւ որու ծրագիրը արդէն իսկ գործնական ձեւով յաջողութիւն գտած է շուկայի վրայ: Նուիրատու՝ պրն.Շանթ Թոպի (G2S Equipment):

 Քէվըն Շահպազի պարգեւատրուեցաւ, որպէս այն աշակերտը, որ բարձրագոյն միջին ապահոված է թուաբանութեան մէջ: Նուիրատուներ՝ Տէր եւ Տիկին Սերժ եւ Ալիս Րավարի:

 Ճորճիկ Պարսեմեան կրթաթոշակի յատկացում ստացաւ ՄաքԿիլ համալսարանին կողմէ որպէս այն աշակերտը, որ բարձրագոյն միջին ապահոված է գիտական առարկաներու՝ քիմիագիտութեան եւ բնագիտութեան մէջ:

 Արամ Պարթեւեան ստացաւ Տէր եւ Տիկին բժ. Փիէր Ասլանեանի կողմէ իրենց հայանուէր մեծ մօր յիշատակին «Վիքթորիա Աբգարեան»ի տարեկան պարգեւը: Պարգեւը կը տրամադրուի այն աշակերտին, որ Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարան յաճախած բոլոր տարիներուն կարողացած է ապահովել բարձրագոյն միջին եւ ստանալ արժանեաց վկայագիր: Նաեւ՝ վերջին երեք տարիներու ապահոված է իր կարգին բարձրագոյն ընդհանուր միջինը:

 Հ.Օ.Մ.-ի Մոնթրէալի «Սօսէ» մասնաճիւղի «Մեսրոպ Մաշտոց» մրցանակը ստացաւ Շողիկ Թէհինեան, որպէս այն աշակերտը որ իր դպրոցական աշխատանքներու կողքին իր մասնակութիւնը բերած է պատանեկան, եկեղեցական, մարզական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն:

 Հ.Օ.Մ.-ի Լաւալի «Շուշի» մասնաճիւղի նուէրը ստացաւ  Սերենա Քիւլիւքեան գնահատելի ընդհանուր միջին ապահոված ըլլալուն համար:

 Հ.Յ.Դ. Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Քէվըն Շահպազի, Ալեք Կարապետեան եւ Սերենա Քիւլիւքեան, որոնք բարձրագոյն միջինները ապահոված են Հայոց պատմութեան եւ միջազգային պատմութեան նիւթերու մէջ, եւ որոնք  իրենց դպրոցական աշխատանքներու կողքին՝ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն պատանեկան, երիտասարդական, եկեղեցական, մարզական ու մշակութային միութիւններու ակմբային աշխատանքներուն:

Բժ.Կարպիս Հարպոյեան «Բժիշկին Բ. խօսքը» գիրքը նուիրուեցաւ գիտութեան մէջ 90-էն բարձր նիշ ապահոված երեք աշակերտներու՝ Ճորճիկ Պարսեմեանին, Արամ Պարթեւեանին եւ Անտրէ Գէորգեանին:

 Վարժարանիս տնօրէնութեան կողմէ պարգեւատրուեցան Թամար Մերտխանեան եւ Ճորճիկ Պարսեմեան, որոնք գնահատելի նիշերով աւարտելու կողքին,  տարեշրջանի ընթացքին ցոյց տուին դպրոցի արժէքներուն վայել վարուելակերպ եւ վառ պահեցին դպրոցական կեանքի ոգին:

 Որպէս բարձրագոյն ընդհանուր միջինը ապահոված աշակերտ, Գանատայի Ընդհանուր կառավարիչի (Gouverneur Général) մրցանակին արժանացաւ Արամ Պարթեւեան:

 

Նշենք, որ Ջուխաճեան ֆոնտը տրամադրած էր նաեւ պարգեւ մը Դ. կարգի այն աշակերտին, որ բարձրագոյն միջինը ապահոված է գիտութեան մէջ: Մրցանակին արժանացաւ Նարեկ Տէպլողեան, որ ճամբորդած ըլլալուն պատճառով մրցանակը պիտի ստանայ վերամուտին:

 Իբր պարգեւներ, բոլոր աշակերտները ստացան, Հոգաբարձութեան, Կրթական Գործադիր Մարմնի կողմէ նուիրուած  գրիչներ, Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ քոյրերու  ժողովի կողմէ «Նարեկներ», ինչպէս նաեւ շնորհաւորագրեր St- Laurent Cartierville ընտրաշրջանի դաշնակցային խորհրդարանի երեսփոխան՝ Պրն. Stephane Dion-ի կողմէ, եւ վերջապէս Տէր Արմէն աւգ.քհնյ. Իշխանեանի «Կեանքէն էջեր» գիրքը:

 Տեղի ունեցաւ նաեւ Էտիմպուրկի Դուքսի ծրագրին մասնակցող աշակերտներու պարգեւատրում. պրոնզէ մետալ ստացան Ճորճիկ Պարսէմեան, Ալեք Կարապետեան, Անտրէ Գէորգեան եւ Քրիսթոֆըր Նազարեան ձեռամբ մարզանքի ուսուցչուհի Իզապէլ Ֆլամմիային, որ ծրագիրը գլխաւորեց տարեշրջանի ընթացքին:

 Յայտարարուեցան նաեւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած 2013-2014-ի գրական մրցոյթի մրցակակիրներուն անունները.

2-րդ մրցանակին հաւասարապէս արժանացան

Կորիւն Գոյունեան՝ աւարտական դասարանէն

Արնօ Շուժունեան՝ 9-րդ դասարանէն

3-րդ մրցանակին արժանացաւ

Արազ Քիւփթանճեան՝10-րդ դասարանէն

Արնօ Շուժունեան եւ Արազ Քիւփթանճեան շրջանաւարտներու կարգին չըլլալով իրենց նուէրները պիտի ստանան վերամուտին:

 Վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման աւարտին, Երկրդ. Ե. կարգի շրջանաւարտներու անունով զգացական ուղերձներ արտասանեցին Մարիամ Մկրտչեան (հայերէն լեզուով), Մարիքա Ճիափուծեան (ֆրանսերէն լեզուով), իսկ անգլերէն լեզուով ուղերձը փոխանցեց Արփի Չէրքէզեան: Ուղերձներէն ետք, Արամ Պարթեւեան վարժարանի ընդհանուր տնօրէնուհիին՝ Տիկին Գատեանին ներկայացուց յուշանուէր մը, որպէս Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին ուղղուած շնորհակալութիւն՝ բոլոր շրջանաւարտներուն կողմէ: Արամ Պարթեւեան արտասանաեց նաեւ Rudyard Kipling-ի «Tu seras un homme, mon fils» բանաստեղծութիւնը:

Արժանապատիւ Տէր Գառնիկ աւգ. Քահանայ Գոյունեան փոխանցեց Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Արք. Բարիքեան շրջանաւարտներուն ուղղուած պատգամը, ուր կ՛ընդգծէր հայ դպրոց յաճախելու կարեւորութիւնը եւ հրաւէր կ՛ուղղէր իրենց հանդիպելու մօտ ապագային Առաջնորդարանին մէջ: Տէր Գառնիկի օրհնութեամբ եւ իր առաջնորդութեամբ միասնական «Հայր Մեր» աղօթքով փակուեցաւ երկրորդականի 2013-2014 տարեշրջանի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Զոյգ հանդիսութիւններու աւարտին, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-պարանցիկ երեկոյ մը մասնակցութեամբ նախ. Զ. կարգի եւ երկր. Ե. կարգի շրջանաւարտներուն, ծնողներուն, հարազատներուն բարեկամներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ վարժարանի անձնակազմին Լաւալի «Փալաս» ճաշասրահներուն մէջ: Ժամանակն էր ճաշելու, պարելու, դիտելու մանկական եւ ներկայ դպրոցական նկարներու հաւաքածոներ եւ զուարճանալու մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը, այսպիսով փակելով դպրոցական եւ ուսումնական կեանքի մէջ կարեւոր հանգրուաններ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.