ԱՄՆ Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը վաւերացուց Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցական գոյքի վերադարձման վերաբերող «HR-4347» բանաձեւը


ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան (Քոնկրես) Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յունիս 26ին յետ քուէարկութեան վաւերացուց Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցական գոյքի վերադարձման վերաբերող «HR-4347» բանաձեւը: Անգարայի իշխանութիւնները մինչեւ վերջին վայրկեան փորձեցին լոպպիյինկի իրենց բոլոր միջոցներով արգելք հանդիսանալ բանաձեւի վաւերացման, սակայն ձախողեցան։

Բանաձեւը Քոնկրեսին ներկայացուցած են Էտ Ռոյսը ու Էլիըթ Էնկըլը: Անիկա արտաքին գործոց նախարարութենէն կը պահանջէ ամէն տարի հաշուետու ըլլալ Քոնկրեսին առջեւ, թէ արդեօք Թուրքիան պատրա՞ստ է վերադարձնելու քրիստոնեաներէն գրաւուած գոյքն ու ունեցուածքը, ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ՝ Կիպրոսի գրաւեալ հատուածին մէջ: Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր վերադարձին մասին 2011ի Դեկտեմբեր 13ին ընդունուած «HR-306» բանաձեւը: «HR-4347»ը Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ կ՛ընէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու, քրիստոնեաներու գոյքերը վերադարձնելու եւ յարգելու անոնց սեփական հաւատքը դաւանելու իրաւունքը:

Անցնող օրերուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ամերիկահայերուն կոչ ըրած էր Յունիս 24ին հեռաձայնելու իրենց քոնկրեսականներուն կամ գրառում կատարելու անոնց «Ֆէյսպուք»ի կամ «Թուիթըր»ի էջերուն վրայ՝ պահանջելով անոնցմէ քուէարկել «HR-4347»ին յօգուտ:

Յիշենք, որ 2011ի Դեկտեմբեր 13ին, ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական ունեցուածքը վերադարձնելու մասին «HR-306» բանաձեւը: Նոյն տարուան ամրան, Ներկայացուցիչներիու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 կողմ եւ 1 դէմ ձայներով քուէարկած էր քրիստոնէական եկեղեցիներու վերադարձման օգտին: Այս տարուան Մարտին, նմանատիպ բանաձեւ մը եւս (H.Res.180) ընդունուեցաւ՝ յունական լոպիի ճնշումին իբրեւ հետեւանք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.