Թուրքիոյ պատմագիտական ընկերութեան ղեկավար Հիւլակիու եւ Հայագիտութեան ամպիոնի աշխատակիցները կը հրաժարին


Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացման քարոզարշաւի թրքական գլխաւոր ակադեմական կազմակերպութեան՝ Թրքական պատմագիտական ընկերութեան (ԹՊԸ) ղեկավար  Մեթին Հիւլակիուն (Նկարը) իր հրաժարականը ներկայացուցածծ է: Թրքական «Միլլիէթ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ ան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի համար նախատեսուող  շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ սեմինարներ կրնան անաւարտ մնալ:

«Միլլիէթ» կը յայտնէ նաև, որ Հիւլակիու հրաժարականէն ետք հրաժարական ներկայացուցած են Թուրքիոյ Հայագիտութեան ամպիոնի 4 աշխատակից, որոնցմէ դոկտ. Մուսա Շաշմազը յայտնած է, թէ վարչապետ Էրտողանի 1915-ի դէպքերու առնչութեամբ ցաւակցական ուղերձը դժուարութիւններ ստեղծած է հայագիտութեան ամպիոնի աշխատկիցներուն համար: 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.