Եւրոպայի Ըմբշամարտի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հրանդ Քալաչեան` Եւրոպայի Ախոյեան


2306empshamardԼեհաստանի Քաթովիցէ քաղաքին մէջ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ըմբիշները պայքարեցան 50, 55, 60, 66, 74, 84, 96 քկ եւ գերծանր դասակարգի մրցումներուն:

Հետեւելով Գէորգ Ղարիբեանի օրինակին` իր կարգին Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացաւ յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Հրանդ Քալաչեան (66 քկ), որ աւարտականին յաղթեց Ալեքսէյ Թատուքի (Ռուսիա)` 4-1 արդիւնքով:

Հայաստանի մնացեալ ըմբիշները այլ մետալներու չտիրացան, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.