Սուրիոյ Մէջ Ատրպէյճանցի Զինեալները Կը Պատռեն Իրենց Անձնագիրները
1443
0
ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Հաքքին» կայքը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ մէջ կռուող ատրպէյճանցի զինեալները զանգուածաբար կը պատռեն իրենց ատրպէյճանական անձնագիրները եւ այդ արարքը կը ցուցադրեն համացանցին վրայ: «Ատրպէյճանական անձնագիրներու ցուցադրական ոչնչացումը ցոյց կու տայ, որ ծայրայեղ իսլամականները չեն ճանչնար Ատրպէյճանը եւ կը հրաժարին անոր քաղաքացիութենէն՝ ցուցադրելով իրենց թշնամական վերաբերմունքը այդ երկիրին նկատմամբ», կը գրէ կայքը: