ANCC ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱԼԷՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ԳՐԵՑ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ


Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ տոքթ.Ժիրայր Պասմաճեան հալէպահայութեան հարցով Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէրտի յղեց նամակ մը, որուն մէջ նախարարին ուշադրութեան յանձնեց, որ Հալէպի կացութիւնը աղէտալի է, իսկ քաղաքը՝ աղէտի գօտի։

«Այս կացութեան վերաբերեալ ամէնէն անհանգստացնող իրողութիւնը այն է, որ այս արիւնահեղութիւնն ու քանդումը կանխարգիլելի է։ Նոր Գիւղի վրայ հրթիռներ արձակող Քայիտայի ուժերը զինուած եւ մարզուած են Քանատայի դաշնակից կառավարութիւններու օժանդակութեամբ։ Մասնաւորաբար Թուրքիան այդ խումբերու աջակցութիւն տրամադրած է եւ Սուրիոյ մէջ անոնց գործողութեանց համար իբրեւ մեկնակէտ կը ծառայէ։ Այս առումով՝ Նոր Գիւղի դէմ յարձակումները պարզապէս Սուրիան ամբողջովին հայաթափելու, քրիստոնէաթափելու եւ իրողապէս բոլոր կրօնական ու մշակութային փոքրամասնութիւններէ մաքրելու ջանքերուն շարունակութիւնն են։ Նոր Գիւղը վերջինն է հայերու դէմ կատարուած յարձակումներուն, որոնք կը ներառեն Սուրիոյ մէջ հայական եկեղեցիներու եւ յուշակոթողներու քանդում, Հոմս քաղաքէն եւ ըմբոստներու վերահսկողութեան տակ գտնուող այլ շրջաններէ հայերու հեռացում, իսկ վերջերս՝ հայաբնակ Քեսապ շրջանի դէմ կատարուած յարձակումն էր, զոր Գանատան դատապարտեց», նշուած է նամակին մէջ։

Տոքթ.Պասմաճեան այս հարցը քննարկելու համար Գանատայի արտաքին գործոց նախարարէն շուտափոյթ հանդիպում խնդրեց։ Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին պիտի խնդրէ, որ Գանատա համոզելու ամէն միջոց օգտագործէ ապահովելու համար, որ Թուրքիոյ հանրապետութիւնը արգելք հանդիսանայ, որ ըմբոստ խմբաւորումներուն իր հողերը օգտագործէ կամ աջակցութիւն ստանայ հայաբնակ շրջանները թիրախ դարձնելու համար։ 

Տոքթ.Պասմաճեան ընդգծեց, որ Նոր Գիւղի դէմ կատարուած յարձակումներուն բնոյթը, ներառեալ դիտաւորեալ ռմբակոծումը շէնքերու, որոնք ռազմավարական որեւէ արժէք չունին ցոյց կու տայ, որ թաղամասի քանդումը պարզապէս հակամարտութեան արդիւնքը չէ, այլ հայ համայնքը քանդելու նպատակով կատարուած քայլ մը։ «Թուրքիան այս բռնարարքին վերջ տալու միջոցներն ունի, եւ Գանատա պէտք է Թուրքիոյ կոչ ուղղէ այդ մէկը կատարելու», կը գրէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.