Քեսապի ճակատին վրայ բանակը կ՚ամրապնդէ իր դիրքերը


Լիբանանեան Ալ Մայատին հեռատեսիլի կայանին համաձայն, վերջին երկու օրերու ընթացքին, սուրիական բանակը կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրած է Լաթաքիոյ մէջ գտնուող Սալմայի եւ Քեսապի ճակատներուն վրայ:

Ըստ Ալ Մայատինի Սալմայի շուրջ բանակը իր հակակշռին տակ առած է շարք մը բարձունքներ, իսկ Քեսապի ճակատին վրայ երկրորդ օրը ըլլալով բուռն մարտեր տեղի կ՚ունենան յատկապէս Գարատուրանի եւ Չալմայի բարձունքներուն շրջակայքը, ուր բանակը որոշ կէտեր իր հսկողութեան տակ առած է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.