Մարթա Արամեանի Անուան Հայ Դատի Նոր Կեդրոն՝ Ուաշինկթընի Մէջ


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին Յունիս 1ի պատկերասփռուելիք դրամահաւաքին՝ թելեթոնին առիթով, հանգուցեալ բարերար եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ընտանիքը որոշած է կատարել յատկանշական նուիրատուութիւն մը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գնել շէնք մը՝ զայն յատկացնելու համար Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրին:
«Մարթա Արամեան» մշակութային կեդրոն կոչուելիք շէնքը մնայուն կեդրոնը պիտի ըլլայ նշեալ վարժողական ծրագիրին մասնակցող ուսանողներուն, որոնք Ուաշինկթըն կու գան՝ զիրենք քաղաքական, լրատուական կամ հանրային սպասարկութեան ասպարէզներ առաջնորդող ճամբուն վրայ առաջին քայլերը առնելու համար:
Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտընս քաղաքին մէջ հաստատուած Արամեան ընտանիքը տարիներով հանդիսացած է Ամերիկայի Հայ Դատ յանձնախումբին զանազան ծրագիրներու առատաձեռն նուիրատուներէն մէկը, միաժամանակ՝ ձեռք երկարելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան շրջաններու մէջ իրականացուող մարդասիրական նախաձեռնութեանց: Ընտանիքը ժառանգորդն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած Ղազարին եւ Նուարդին, որոնք Միացեալ Նահանգներ հաստատուելէ ետք՝ յատուկ ջանք թափած են իրենց զաւակներուն մօտ հայութեան եւ հայ մշակոյթին նկատմամբ սէրը միշտ վառ պահելու համար:
Այս պատճառով, Արամեան ընտանիքը հովանաւորը հանդիսացած է 2011ին կայացած Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Հայկական Հարց 2.0» խորհրդաժողովին ու գումարներ յատկացուցած է Ուաշինկթընի մէջ Ամերիկայի Հայ Դատի կեդրոնատեղիի չորրորդ յարկին վրայ «Արամեան» խորհրդաժողովի սրահը մէջտեղ բերելու համար, միաժամանակ՝ գումարներ յատկացնելով հայ երիտասարդուհիներու կրթական ծրագիրներուն եւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ Հայկական Հարցին առնչուող քաղաքական հաւաքներ իրականացնելու նպատակին:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Վահան Քարտաշեան» անուան մրցանակը 2008ին շնորհուած էր Մարթա Արամեանին: Ան արժանացած է նաեւ Արեւելեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանի «Զապէլ Թագուհի» մրցանակին:
Մարթա Արամեանի աջակցութեամբ, Հայաստանի Վանաձոր քաղաքին մէջ կարելի եղած է հաստատել երեխաներու, տարեցներու եւ երիտասարդներու յատուկ կեդրոններ, իսկ Փրովիտընսի մէջ, ան իրականացուցած է Հայկական ժառանգութեան զբօսայգի մը կառուցելու ծրագիրը՝ զայն նուիրելով քաղաքին:
«Մեր ընտանիքը ուրախ է, որ այս ապրող ժառանգը կը շնորհէ ի յիշատակ մեր սիրելի քրոջ՝ Մարթայի յիշատակին», կը յայտնեն Սու Արամեան եւ Մարկօ Արամեան-Ռական: «Վստահաբար «Մարթա Արամեան» մշակութային կեդրոնը պիտի դառնայ մեր երկրի մայրաքաղաքին մէջ սիրելի տուն մը՝ ամերիկահայ երիտասարդութեան համար: Հոն կարելի պիտի ըլլայ մեր արմատներուն աւելի մօտէն ծանօթանալ եւ նոր բարեկամութիւններ հաստատել», կ՛աւելցնեն անոնք:
«Պատուըւած կը զգանք Արամեան ընտանիքին ցուցաբերած իսկապէս յատկանշական աջակցութեամբ եւ կը գնահատենք անոնց տեսլականը եւ նուիրումը մեր Դատին, մեր մշակոյթին եւ յատկապէս՝ մեր երիտասարդութեան: «Մարթա Արամեան» մշակութային կեդրոնը պիտի դառնայ Մարթայի յիշատակին նուիրուած արժէքաւոր յուշարձան մը՝ նեցուկ կանգնելով մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ բարձունքներ գրաւելու իղձերով լեցուն երիտասարդ հայորդիներուն», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի հիմնադրամի ատենապետ Քեն Խաչիկեան:
Նաեւ նշենք, որ «Քաֆէյսճեան» ընտանիքի հիմնարկին առատաձեռն նուիրատուութեամբ հաստատուած «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» վարժողական ծրագիրը տարիներէ ի վեր արժէքաւոր սպասարկութիւններ մատուցած է հայ երիտասարդներու: Ծրագիրին յատկանշական օժանդակութիւն ցուցաբերած է նաեւ 2004ին Ֆրեզնոյի մէջ 24 տարեկան հասակին՝ ինքնաշարժի արկածով մահացած երիտասարդ գործիչ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի ընտանիքը, որ հաստատեց Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի յիշատակի հիմնադրամը: Արժէքաւոր աջակցութիւն տրամադրած են նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի երկարամեայ բարերարներ տէր եւ տիկ. Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեաններն ու Մեսեչուսեց նահանգի Միլֆըրտ քաղաքի Ամերիկահայ վեթերաններու միութիւնը:
«Քեփիթըլ Կէյթուէյ» աշնանային վարժողական ծրագիրին մասնակցիլ փափաքողները պէտք է մինչեւ Յուլիս 15 ամբողջացնեն իրենց դիմումնագիրները: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել ծրագիրի վարիչ Ռաֆֆի Քարաքաշեանին՝ (202) 775-1918 թիւով կամ raffi@anca.org հասցէով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.