ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅԵՐՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵՑՈՒԱԾՔԸ


 

33-ամեայ ճարտարապետ Ֆրաթը (հայերէն անունը՝ Եփրատ), կ՚ըսէ, որ քաղաքի մէկ միլիոն բնակչութենէն շուրջ 250 հազարը հայեր են

 

Աննա Մուրատեան religion.am կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Տիարպեքիրը կամ ինչպէս տեղացի հայերը կ՚ըսեն՝ Տիգրանակերտը, Թուրքիոյ հայաթափուած այն քաղաքներէն է, որու մշակութային դիմագիծին մէջ հայկական ժառանգութիւնն ու հայկական շունչը անբաժան տարրեր են։ Քիւրտ քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր, որ ծանօթ է հայասէր իր կեցուածքով՝ հայերը կը դիմաւորէ «Բարի գալուստ ձեր քաղաք» ողջոյնի խօսքերով։

«Միջագէտքը միշտ բազմամշակութային եղած է ու կարելի չէ զայն պատկերացնել միասեռ», ըսաւ ան, «դժբախտաբար մենք կորսնցուցինք այս պատմութիւնը, սակայն վերջին 10-15 տարիներու ընթացքին մենք կ՚աշխատինք վերակենդանացնել քաղաքի բազմամշակութային շերտերը»։

Պայտեմիր ըսաւ, որ նախապէս աքսորուած քիւրտ Ճեմլի փաշայի տունը կը պատրաստուին վերածելու թանգարանի, ուր առանձին մասով ներկայացուած պիտի ըլլայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։

«Մենք կ՚ուզենք անցեալի յիշողութիւնները վառ պահել ու որոշ ձեւով փոխհատուցել անցեալի սխալները», ըսաւ ան, «ու առանց հայ համայնքի հետ համագործակցութեան չենք կրնար այդ նախագիծը իրականացնել»։

Իրականութեան մէջ, Տիգրանակերտի մէջ հայերն ու Հայաստանը յիշեցնող շատ քիչ փաստական եւ շօշափելի տուեալ մնացած է։ Ս. Կիրակոս եկեղեցին, թրքական կոտորածներուն զոհ գացած մարդոց յիշատակին կանգնեցուած յուշակոթողը, որու վրայ քրտերէն, անգլերէն, թրքերէն, հայերէն եւ ասորերէն լեզուներով զղջումի տողեր կան։

Ուտ երաժշտական լարային գործիքի վարպետ, տիգրանակերտցի Երուանդ Պոսթանճին, որ ծանօթ է Ուտի Երուանդ անունով, անընդհատ կը կրկնէր, որ այն ինչ Տիգրանակերտը կը դարձնէ Տիգրանակերտ. ատիկա հայերն են։ «Որովհետեւ ամէն ինչ այս քաղաքին մէջ կ՚ապրի հայկական շունչով», կ՚ըսէ ան։Տիգրանակերտի պատմութիւնն ու քաղաքի անունը խորհրդանշական են հայերու համար, որովհետեւ անիկա կը կապուի Տիգրան Մեծ թագաւորի հիմնադրած Տիգրանակերտի հետ, որ սակայն կը գտնուի ներկայ Տիարպեքիրէն 60 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւելք։

Իրականութեան մէջ Տիարպեքիրը, որ կը համարուի քիւրտերու ոչ պաշտօնական մայրաքաղաքը, պատմական Հայաստանի Մեծ Հայքի Աղձնիք նահանգին մէջ՝ Արեւմտեան Տիգրիսի աջ ափին կառուցուած քաղաք է, ու քանի որ ըստ պատմական աղբիւրներու՝ քաղաքի հիմնադրումը կը կապուի Հայոց Տիգրան Երուանդունի թագաւորի հետ, անիկա նոյնպէս կոչուած է Տիգրանակերտ, եւ ասիկա շփոթ կը յառաջացնէ՝ նոյնացնելով այս երկու քաղաքները։

20-րդ դարու սկիզը Տիգրանակերտը ունեցած է շուրջ 50 հազար բնակիչ, որմէ շուրջ 10-15 հազարը հայեր եղած են։ Անոնք տարբեր ժամանակներու ընթացքին կոտորուած ու տեղահանուած են, սակայն տակաւին մինչեւ 20-րդ դարու 80-ականները քաղաքին մէջ հայկական ներկայութիւնը նշանակալից եղած է։

50-ամեայ Երուանդ Պոսթանճին կը պատմէ, որ 37 տարի առաջ, երբ ան Ս.Կիրակոս եկեղեցիին մէջ կ՚երգէր, եկեղեցին հայերով լեցուն կ՚ըլլար։

Ս. Կիրակոս եօթ խորանով հոյակերտ եկեղեցին, որ տարածաշրջանին մէջ մեծագոյնն է, գործած է մինչեւ 1980, որմէ ետք դադրած է՝ որովհետեւ քաղաքին մէջ այլեւս հայ չէր մնացած։ Եկեղեցիի զանգակատունը, որ 27 մեթր բարձրութիւն ունէր, հիմնահատակ քանդած էին, որովհետեւ մահմետական կեցուածքը չէր հանդուրժեր մինարէէն բարձր զանգակատան գոյութիւնը։

Ս.Կիրակոսը՝ ամբողջ աշխարհի վրայ սփռուած տիգրանակերտցիներու հանգանակութեամբ եւ քաղաքապետարանի 70/30 համամասնական աջակցութեամբ վերականգնուած է։ Զանգակատունը այժմ նոյն բարձրութեան վրայ է, իսկ եկեղեցիի գմբեթին խաչ դրուած է։ 2011-ին այնտեղ մատուցուած է պատարագ, որմէ ետք քանի մը մկրտութիւն եղած է։Այժմ եկեղեցին, սակայն, դատարակ է, թէեւ, երբեմն մարդիկ կ՚այցելեն։ Ուտի վարպետ Երուանդը արցունքները հազիւ կը զսպէր այդ մասին խօսած ատեն։ Ան Տիգրանակերտի այն սակաւաթիւ հայերէն է, որ հայերէն կը խօսի։ Թէեւ այսօր Տիգրանակերտի մէջ հայերու ներկայութեան մասին շատ տարբեր թիւեր կը շրջանառուին, սակայն մասնագիտութեամբ ճարտարապետ, 33-ամեայ Ֆրաթը (հայերէն անունը՝ Եփրատ), կ՚ըսէ, որ քաղաքի մէկ միլիոն բնակչութենէն շուրջ 250 հազարը հայեր են։

«Երբ ես 8-9 տարեկան էի, այստեղ բազմաթիւ հայեր կային, սակայն ետքը անոնք բոլորը գացին Պոլիս», կը պատմէ ան, «հիմա ընդամէնը քսան ընտանիք կայ, որ կ՚ըսեն՝ մենք հայ ենք, սակայն այստեղ բոլորը գաղտնի հայեր են։ Ես երեխայ ժամանակէս ի վեր ըսած եմ, որ հայ եմ ու ընտանիքս այստեղ ապրած է շուրջ 600 տարի»։ Քաղաքապէտ Պայտեմիրը եւս շեշտեց, որ ազգային պատկանելութիւնը նշող մարդոց տուեալներ չունին, սակայն ժպտալով ըսաւ, որ լուրջ հայկական բնակչութիւն կայ ու շատ երկար ժամանակ իրենք՝ քիւրտերը, մեղադրուած են հայկական դիրքորոշում ունենալու համար՝ պատճառաբանութեամբ, որ անոնք բոլորը հայերու սերմեր են։

«Բոլորովին վերջերս մենք 7-8 ընկերներով նստած էինք եւ կը խօսէինք այս հարցի մասին եւ ներկայ բոլոր ընկերներս ալ ըսին, որ անոնց մեծ մայրը կամ մեծ հայրը հայ է, օրինակ կնոջս մեծ հայրը եւս հայ է», ըսաւ ան։ Եփրատը (Ֆրաթ) կը պնդէ, որ մարդիկ մինչեւ այսօր կը վախնան խօսիլ այդ մասին, եւ այդ վախերը կու գան ոչ միայն պետութենէն, այլ նաեւ բնակչութենէն։ 

Թուրքիոյ մէջ, սակայն, ազգային պատկանելութեան հարցը կը գտնուի խիստ տարակուսելի իրավիճակի մէջ, որովհետեւ անկախ անձի ազգային ինքնագիտակցութենէն՝ Թուրքիոյ քաղաքացիի անձնագրին մէջ գրուած է.թուրք։ Պայտեմիր կ՚ըսէ, որ այդ հարցին մէջ իրենք աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն, քան հայերը։ «Մինչեւ հիմա մենք դպրոցներուն մէջ կը ստենք, եւ մեր երեխաները դպրոցին մէջ կ՚ըսեն, որ թուրք են», ըսաւ ան, «դուք կը պատկերացնէ՞ք, թէ երեխան, որ ամէն օր դպրոցի մէջ կը ստէ, ինչպէս պիտի ըլլայ այդ հարցը»։

Եփրատը մահմետական է, սակայն չ՚աղօթեր։ Անոր երկու մօրաքոյրներէն մէկը քրիստոնեայ է, միւսը՝ մահմետական։ «Մենք մնացած ենք մէջտեղը», կը ժպտայ ան։

Ան տակաւին ամուրի է եւ կ՚ըսէ, որ ոչ մէկ պարագայի թուրքի հետ պիտի ամուսնանայ։ «Հայու կամ քիւրտի հետ պիտի ամուսնանամ, սակայն այնպիսի մէկուն հետ, որ մոլեռանդ կրօնամոլ չըլլայ», կ՚ըսէ ան։ Անոր ցանկութիւնն այն է, որ բոլորը՝ ալեւի, թուրք, հայ թէ քիւրտ՝ իրարու հաւասար ըլլան։

Երուանդը եւս ամուսնացած չէ, սակայն կը պատրաստուի ամուսնանալ տեղացի մէկ աղջկայ հետ, որու հայրը հայ է, մայրը՝ թուրք։ Նախապէս ամուսնացած եղած է, սակայն երեխաներ չունի։ Այն հարցումին, թէ նախկին կինը թո՞ւրք եղած է, նեղացած կը պատասխանէ.« ես թուրքին հե՞տ պիտի ամուսնանայի»։

Ընդհանրապէս, Թուրքիոյ բոլոր հայերն ալ ձգտած են հայու, կամ հայկական ինքնութիւն ունեցող աղջիկներու կնութեան առնել։ «Լռութեան ձայները. Տիգրանակերտի հայերը կը խօսին» գիրքին մէջ տեղ գտած 16 մարդոց պատմութիւններու առանցքը հայ աղջիկ գտնելու եւ հայ արմատներով կամ հայ ինքնութեամբ աղջիկ կնութեան առնելու միտքը մշտապէս կը շեշտուի։

Քաղաքապէտ Պայտեմիրը կ՚ըսէ, որ տեղական իշխանութիւններու ջանքերը ուղղուած են անոր, որ այս սերունդը աւելի ազատ զգայ այս քաղաքին մէջ՝ իրենց ազգային պատկանելիութեան հարցին մէջ։ Հայկական հարցի լուծումը ան կը տեսնէ միասին ապրելու տեսլականին մէջ։

Նկատի ունենալով հայ-քրտական անցեալը՝ տեղւոյն քիւրտ իշխանութիւնները կը ջանան քաւել հայերու նկատմամբ ունեցած կեցուածքը՝ շեշտելով եւ ներողութիւն խնդրելով անցեալի սխալներու համար։ «Մենք ներողութիւն կը խնդրենք այն ցաւի համար, որ պատճառած ենք», հայ լրագրողներու հետ հանդիպումին ժամանակ ըսաւ Տիգրանակերտի Սուրի վարչական շրջանի քաղաքապետ Ապտիւլլահ Տեմիրպաշ, «սակայն ես կը կարծեմ, որ միայն ներողութիւն ըսելը բաւարար չէ եւ անցեալի սխալներու համար պէտք է փոխհատուցում ըլլայ»։

Իբրեւ փոխհատուցման ուղղուած ժեսթ, ի թիւս զանազան այլ նախաձեռնութիւններու, Սուրի շրջանին մէջ կը կազմակերպուին հայերէնի դասընթացքներ։ 

Օսման Պայտեմիրը եւս կը շեշտէ փոխհատուցման մասին՝ նշելով Ս. Կիրակոսի վերականգնումը իբրեւ ատոր ուղղուած առաջին քայլ։

«Այժմ մենք պատրաստ ենք ընելու երկրորդ քայլը, հայերուն պատկանող հողերու հարցին մէջ», կը մեկնաբանէ ան, «այն հողերը, որոնք ժամանակին պատկանած են հայ համայնքին, այժմ տեղական քիւրտ ժողովուրդի կողմէ կառուցապատուած է եւ կարելի չէ ետ առնել, սակայն մենք կ՚առաջարկենք ատոր փոխարէն վերցնել մէկ այլ տարածք, որ քաղաքապետարանի ենթակայութեան տակ է»։

Հայերուն պատկանող հողերը համարուած է համայնքինը, որու ղեկավարը եկեղեցին է, այսինքն հողերի իրաւայաջորդ պահանջատերը Պոլսոյ պատրիարքարանն է։ 2011-ի Օգոստոսին Թուրքիան որդեգրեց օրէնք 1936-էն գործող օրէնքով՝ կրօնական փոքրամասնութիւններէ բռնագրաւուած գոյքը վերադարձնելու մասին։ Այս օրէնքի որդեգրումէն անցած է արդէն 2 տարի, սակայն կացութեան մէջ ոչ մէկ էական տեղաշարժ տեղի ունեցած է։

Պայտեմիր, սակայն կը պնդէ, որ իրենք կրնան գնահատել, թէ որքան եղած է այդ հողի արժէքը իրենց տարածքին մէջ եւ ատոր դիմաց յատկացնել ատոր համարժէք հող այն մարդող, որոնք այնտեղ ապրած են։

«Մէկ պայմանաւ, որ այդ մարդիկը գան այստեղ, տուներ կառուցեն ու շենցնեն Տիարպեքիրը», կ՚ըսէ ան, «Ես չեմ գիտեր, թէ ի վիճակի պիտի ըլլամ տեսնել այս ամէնը, թէ՝ ոչ, սակայն կը կարծեմ, որ Հրանդ Տինքը այժմ կը տեսնէ այն, ինչ կը կատարուի»։

Այս հարցումներուն պատասխանը չունի նաեւ Ուտի Երուանդը, որ թէեւ Հայաստան եղած է, սակայն կ՚ըսէ, որ իրեն համար Հայաստանը՝ Տիգրանակերտն է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.