Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահը հայկական իր ծագումը կը բացայայտէ
Panorama.am յղում կատարելով թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Ահմեթ Ապաքայ գրած է գիրք մը, որուն մէջ նշած է, որ 82 տարեկանին մահացած իր մայրը՝ Հոշանան ունեցած է հայկական արմատներ։
Ան նշած է, որ 1915-ի դէպքերուն, իր մօրը լքած են ալեւի ընտանիքի մը դռան առջեւ։ Ահմեթ Ապաքայ իր մօր պատմութեան մասին գրած է «Հոշանայի վերջին բառերը» գիրքին մէջ։ Ապաքայ նաեւ կը նշէ, որ իր մայրը այդ մասին պատմած է մահանալէ շաբաթներ առաջմիայն։
«Մայրս այս պատմութիւնը պատմած է 13 տարի առաջ եւ ատկէ քիչ ժամանակ ետք մահացած է։ Ես ատոր մասին կրցած եմ գրել միայն 10 տարի ետք, որովհետեւ ես կը վարանէի։ Ես հազիւ կրցած եմ գրել, արցունքները աչքերուս կը գրէի այդ մասին։ Ես չէի պատկերացներ, որ ատիկա ինծի այդքան ցաւ պիտի պատճառէ», նշած է Ահմեթ Ապաքայ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին։
«82 տարուայ գաղտնիք»՝ այս խորագիրը կը կրէ Ապաքայի եւ իր մօր հետ զրոյցի մանրամասնութիւնները։ «Մայրս ինծի ստիպեց խոստանալ, որ ես անոր պատմութիւնը չեմ պատմեր ո՛չ կնոջս, ո՛չ աղջկաս կամ ալ անոր քոյրերուն, մինչեւ այն ատեն, որ ան ողջ է։ Ես այս մասին խօսեցայ այն ժամանակ, երբ ան մահացաւ, գիտնալու թէ արդեօ՞ք այլ գաղտնիքներ ալ կան, որ պէտք է բացայայտել։ Քոյրս ինձմէ խնդրեց չբացայայտել այդ մասին, որովհետեւ ես լրագրող եմ եւ կրնայ տեղի ունենալ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Հրանդ Տինքին։ Բարեկամներէս շատերը չեն կարողանար իրենց ինքնութիւնը ընդունիլ», նշած է Ապաքայ։