Եւրոպական Ատեանը Կիպրոսի Հարցով 123 Միլիոն Տոլարի Վնասուց Հատուցում Կը Պահանջէ Թուրքիայէն
1429
0
ՊՈԼԻՍ, «Էյ.Փի.».- Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը Երկուշաբթի, Մայիս 12ին Թուրքիոյ դէմ վճիռ մը արձակած է 1974ին տեղի ունեցած հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման հարցով:
Ատեանը պահանջած է Անգարայի իշխանութիւններէն, որ 123 միլիոն տոլարի վնասուց հատուցում կատարէ՝ շեշտելով, թէ Թուրքիա պատասխանատու է կիպրացի յոյներուն դիմագրաւած վնասներուն: Ըստ ատեանին՝ Կիպրոսի իշխանութիւնները պիտի որոշեն, թէ տրամադրուելիք գումարը ինչպէ՛ս պիտի բաժնուի:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութողլու «անարժէք» որակեց ատեանին որոշումը՝ ազդարարելով, թէ նման վճիռներ վնաս կը հասցնեն տագնապի լուծման բանակցութեանց: