Ուորլիք Կը Ներկայացնէ Խաղաղութեան Համաձայնագիրին Մաս Կազմելիք Վեց Տարրեր
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ ելոյթ ունեցաւ Միջազգային խաղաղութեան Քառնեկի հիմնադրամի կեդրոնատեղիին մէջ եւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղիներուն: Ան նշեց, որ կան վեց տարրեր, որոնք պէտք է խաղաղութեան համաձայնագիրին մաս կազմեն, որպէսզի ատիկա տեւական ըլլայ: Դեսպանը յայտնեց, որ այս տարրերուն հերթականութիւնը եւ անոնց վերաբերեալ մանրամասնութիւնները պէտք է անշուշտ որոշուին բանակցութիւններու միջոցով, սակայն անոնք պէտք է դիտարկուին իբրեւ անբաժանելի ամբողջականութիւն: Որոշ տարրեր պահելու, որոշ տարրեր դուրս ձգելու որեւէ փորձ անկարելի պիտի դարձնէ հաւասարակշռուած լուծման հասնիլը:
«Առաջին, հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի բարդ պատմութիւնը, կողմերը պէտք է համաձայնութեան գան, որ վերջնական իրաւական կարգավիճակի որոշումը պէտք է իրականացուի փոխադարձաբար համաձայնեցուած եւ իրաւական ուժ ունեցող կամքի արտայայտման միջոցով ապագային: Ասիկա ընտրովի տարբերակ չէ: Միջանկեալ տարբերակը ժամանակաւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ դեսպանը:
Իբրեւ երկրորդ կէտ ան նշեց, որ նախկին Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար Մարզի սահմաններուն մէջ գտնուող տարածքը, որ չի վերահսկուիր Պաքուի կողմէ, պէտք է ստանայ միջանկեալ կարգավիճակ, որուն համար առնուազն պէտք է ապահովուած ըլլան ապահովութեան երաշխիքներ եւ ինքնակառավարում:
Անդրադառնալով երրորդ կէտին` Ուորլիք ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը շրջապատող գրաւեալ տարածքները պէտք է վերադարձուին Ազրպէյճանի վերահսկողութեան: Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի բացակայութեան պայմաններուն մէջ լուծում չի կրնար ըլլալ եւ Ազրպէյճանի ինքնիշխանութեան ճանաչումը այդ տարածքներուն նկատմամբ պէտք է վերականգնի:
Ուորլիք յայտնեց, որ չորրորդ կէտը կը վերաբերի Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող միջանցքին: Ըստ անոր, միջանցքը պէտք է բաւարար լայնութիւն ունենայ, որպէսզի ապահով անցում կատարուի, բայց ատիկա չի կրնար ընդգրկել Լաչինի ամբողջ շրջանը:
«Հինգերորդ, տեւական լուծման ներքեւ պէտք է ճանչցուի տեղահանուածներու եւ գաղթականներու իրենց նախկին բնակավայր վերադառնալու իրաւունքը: Եւ վերջապէս` վեցերորդ, լուծումով պէտք է ապահովուին անվտանգութեան միջազգային երաշխիքները, որոնք պիտի ներառէ խաղաղապահ գործողութիւն: Չկայ այնպիսի պարագայ, ուր խաղաղութիւնը ապահովուի առանց լաւ մշակուած եւ բոլոր կողմերուն վստահութիւնը վայելող խաղաղապահ գործողութեան», ըսաւ ամերիկացի դեսպանը:
Ճէյմս Ուորլիք նշեց, որ ժամանակն է, որպէսզի կողմերը յանձնառութիւն ստանձնեն ձեռնամուխ ըլլալու խաղաղութեան բանակցութիւններուն` հիմք ընդունելով մինչեւ այսօր կատարուած աշխատանքը: Ըստ անոր, անիրատեսական է կարծել, որ ժամանակ առ ժամանակ տեղի ունեցող հանդիպումները ինքնին բաւարար են տեւական խաղաղութիւն հաստատելու համար:
«Երբ այս բանակցութիւնները սկսին, կողմերը ոչ միայն պէտք է վերահաստատեն զինադադարը պահպանելու իրենց յանձնառութիւնը, այլ նաեւ պէտք է ձեռնարկեն երկար սպասուած եւ յոյժ անհրաժեշտ ապահովութեան համար վստահութեան ձեւաւորման միջոցներու: Երբ մենք խաղաղութեան բանակցութիւններուն լծուինք, աւելի շատ գործնական հարցեր կրնանք ներկայացնել, որոնցմէ պիտի շահին բոլոր կողմերը: Պիտի ձեւաւորուին տնտեսական եւ առեւտրական խթաններ, պիտի վերականգնուին ուժանիւթի, փոխադրամիջոցներու եւ հեռահաղորդակցութեան կապերը, պիտի ըլլան ուղեւորութիւններ եւ ժողովուրդներու միջեւ շփումներ ապահովող ծրագիրներ, որոնք պիտի սկսին հակակշիռ ապահովել ներկայիս գերակայող վտանգաւորութեան աստիճանի հասնող միակողմանի պատմութիւններուն», ըսաւ ան: