ՄՈՒՍԱ ԲՐԵՆՍ ԵՒ ԻՐ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»Ը


Լիբանանահայ գաղութին երէց սերունդը հաւանաբար լա՛ւ կը յիշէ այս անունը,- Մուսա Բրենս։

Լիբանանցի արաբ իրաւագէտ մըն էր, ոճրաբանութեան մասնագէտ, որ 1960-ական թուականներուն (երբ Հայ Դատը տակաւին դուրս չէր եկած իր 40-ամեայ թմբիրէն)՝ մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրեց Հայկական Ցեղասպանութեան ծրագրումին ու գործադրման ամբողջ պատմութիւնը ու գիտական ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստեց այդ մասին։ Մ. Բրենս, այդ օրերուն հազիւ 40 տարեկան երիտասարդ, իր աշխատասիրութիւնը գրի առաւ Ֆրանսերէնով, աւելի քան 600 տպագիր էջի ծաւալով…։ Բազմաթիւ փաստաթուղթերու օգտագործումով՝ ան պարզեց ու պարզաբանեց 1915-ի կոտորածներուն ցեղասպանական բնոյթը, լուսարձակ բացաւ Թուրքիոյ հայաջինջ քաղաքականութեան վրայ, մանաւանդ մերկացուց ու խարազանեց այդ շրջանի մեծ պետութիւններուն անտարբերութիւնն ու մեղսակցութիւնը…։

Բայց Մ. Բրենս այսքանով չբաւականացաւ։ Ան, 1967-ին մասնակցեցաւ Ոճիրներու Կանխարգիլման Միջազգային Բ. Համագումարին (Փարիզ) ու այնտեղ զեկուցեց Հայկ. Ցեղասպանութեան մասին՝ գործածելով ինքնակերտ նոր բառ մը՝ ARMENOCIDE։ Հայերէնով՝ «ՀԱՅԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»։ Այդ օրէն ասդին՝ այս բառը մտաւ գիտական շրջանառութեան մէջ։

Մուսա Բրենսի այս թանկագին աշխատասիրութիւնը տպուեցաւ 1975-ին։ Ինքը՝ հեղինակը, կեանքէն հրաժեշտ առաւ 1998-ին։
Այս ամէնը յիշեցի պատահաբար, երբ անցեալները գրադարանիս մէջ անզգալաբար մատներս դպան հայերէն բարակ հատորի մը, որ խորագրուած էր «Անպատիժ ցեղասպանութիւն մը՝ Հայասպանութիւնը»…։ Հեղինակ՝ Մուսա Բրենս, տպ. Համազգայինի, Պէյրութ, 1969։ Ուրեմն, ճիշդ 45 տարի առաջ հրատարակուած գիրք մը, որ թէեւ տեղ գրաւեր էր գրադարանիս մէջ, բայց չէր կարդացուած առ այսօր…։ Ապրիլեան շաբաթը գրգիռ հանդիսացաւ, որ մէկ շունչով ընթերցեմ Մուսա Բրենսը, նոր օրերու այս արաբ Լեփսիւսը կամ Թոյնպին…։
Աւելցնեմ անմիջապէս, որ իմ կարդացած գիրքը Մ. Բրենսի վերոյիշեալ ծաւալուն ուսումնասիրութեան լոկ «Ներածական»ն էր, 125 էջ։ Բայց այսքանն իսկ գաղափար մը կու տայ մեզի, թէ ի՞նչ համապարփակ աշխատանք տարեր է հեղինակը՝ բնութագրելու համար Հայկ. Ցեղասպանութիւնը իբրեւ անժամանցելի ոճիր։ Ֆրանսերէնէ հայերէն թարգմանութիւնը կատարած է «Ազդակ»ի նախկին խմբագիրներէն Տիգրան Ոսկունի, բարձրորակ ու ճաշակաւոր ոճով։

Մուսա Բրենս։ Երախտագիտութեամբ յիշատակելի անուն։ Արդարասէ՜ր անուն։
Արաբական Աշխարհի ընդարձակ տարածքին, տեղ-տեղ, կարեւոր գաղութներ ունինք։ Վերջին հարիւր տարիներուն քանի՞ Մուսա Բրենս յայտնուած է հոն արդեօք…։ Կամ՝ քանի՞ Մուսա Բրենս կրցած ենք սիրաշահիլ ու գործի մղել…։

Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.