Ցեղասպանութեան 100ամեակի Սեմին Ուրացման Վերջ Դնելու Ջանքեր Թուրքիոյ Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղը աննախընթաց ձեռնարկ մը իրականացնելու ուղղութեամբ խիզախ քայլ մը առաւ Երկուշաբթի, Մայիս 5ին։ Այս կազմակերպութեան Ցեղապաշտութեան եւ անջատողականութեան մարմինը, «Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին՝ ուրացման քաղաքականութեան վերջ դնել» բնաբանին ներքեւ, ձեռնարկած է Անատոլուի քաղաքներու պատմութիւնը վերստին գրելու զօրաշարժին։ Այս զօրաշարժը պիտի իրականացուի զանազան ձեւերով։ Օրինակ՝ քաղաքներու պատմութիւնը վերստին պիտի գրուի, հայկական ժառանգութիւններու մասին աշխատաժողովներ պիտի կազմակերպուին ու ջանք պիտի տարուի, որ Հայկական Հարցին մասին ցարդ միտքերու մէջ քանդակուած սխալ տպաւորութիւնները սրբագրուին։ Այս զօրաշարժը 2015 թուականով պիտի չսահմանափակուի։ Անիկա ասորիներու, յոյներու, քելտանիներու, եզիտիներու դէմ գործադրուած ցեղասպանութիւններուն ալ պիտի անդրադառնայ։
Այս ձեռնարկը լուսաբանելու համար, Մայիս 5ին, Մարդկային իրաւանց միութեան շէնքին մէջ կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցութիւն բերին միութեան նախագահ Իւմիտ Էֆէ, յանձնախումբին անունով՝ Այշէ Կիւնայսու, Էրեն Քեսկին, Մերալ Չըլտըր եւ Ռենան Աքման։ Յանձնախումբի անդամները այս զօրաշարժին կապակցութեամբ յայտարարութիւններ ընելէ առաջ քննեցին նաեւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի ցաւակցական գրութիւնը։
Փաստաբան Էրեն Քեսկին յայտնեց, որ այս զօրաշարժը միայն Պոլսոյ մասնաճիւղին ջանքերով պիտի չիրականացուի, այլ անոր պիտի մասնակցին Մարդկային իրաւանց միութեան բոլոր մասնաճիւղերը։
Յանձնախումբը կոչ ուղղեց, որ պետութեան կողմէ ցարդ քարոզուած «պատմական պաշտօնական սուտեր»ը երեւան հանուին։ Այս ուղղութեամբ, յանձնախումբը կոչ ըրաւ, որ ուրացման քաղաքականութեան դէմ իրենց պայքարին մէջ անձերը, հաստատութիւնները եւ ժողովուրդը զօրավիգ կանգնին իրենց։ «Պաշտօնական պատմական սուտերը երեւան հանենք, քաղաքներու պատմութեան տէր կանգնինք, մեր ապրած վայրերուն մասին յիշողութիւններու տեղ տանք, չարտօնենք, որ գործուած մարդկային յանցանքները մոռացութեան տրուին։ Այս աշխատանքները իրականացնելու համար, ժողովրդավարական գետնի վրայ բոլոր ուժերը շարժման անցընենք», նշուեցաւ բանախօսներուն կողմէ:
Այս զօրաշարժին հիման վրայ, առաջին հերթին ջանք պիտի թափուի, որ Ցեղասպանութիւնը իրականացնողներուն անունով մկրտուած պողոտաներու, փողոցներու եւ զբօսայգիներու անունները ջնջուին եւ այդ փողոցներուն տրուին Ցեղասպանութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հայ երեսփոխաններու, գրագէտներու, լրագրողներու եւ գիտնականներու անուններ։
Այս զօրաշարժին համար որպէս կեդրոնական քաղաքներ նշանակուեցան հետեւեալ ինը քաղաքները՝ Ատափազար, Էսկիշեհիր, Պուրսա, Քիւթահիա, Անգարա, Ամասիա, Այնթէպ, Կեսարիա եւ Էրզրում։ Յանձնախումբը պիտի ապահովէ, որ այս քաղաքներուն մէջ նշանակուած յանձնախումբի անդամներուն կողմէ ճշմարտութեան հիման վրայ պատմութիւն գրուի եւ այդ պատմական տուեալները՝ համացանցի միջոցաւ, ժողովուրդի օգտագործման եւ իւրացման տրամադրուի։ Պիտի ապահովուի նաեւ, որ ժողովուրդներու մասին ցեղապաշտական արտայայտութիւններ բովանդակող պատմութիւնները ներկայացուին ճշմարտութեան համապատասխան ձեւով։ Պիտի կազմակերպուին բազմաթիւ բանախօսութիւններ, ինչպէս՝ «Օսմանեան շրջանին հայոց ապրելակերպը», «Հայոց գրականութիւնը», «Վիրաւորանք», «Յիշողութիւն», «Մոռացման ջանք», «Ուրացում», «Ցեղասպանութենէն ծնած հարուստները», «Կալուածներու գրաւում» եւ այլն։
Այս բանախօսութիւններէն ա-ռաջինը, որ կը կազմակերպուի ֆրանսական Անատոլուի հետազօտութիւններու կեդրոնին եւ Ֆրանսական մշակութային կեդրոնին զօրակցութեամբ, պիտի ըլլայ՝ «Վիրաւորական ժառանգութիւն եւ պրպտողական աշխատանք» նիւթով եւ տեղի պիտի ունենայ Մայիս 13ին, Ֆրանսական մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ։ Բանախօսութեան պիտի մասնակցին Ֆրանսայէն՝ գրագէտ Ժանին Ալթունեան եւ հոգեբոյժ Պելլա Հապիպ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.