«Տեղի Ունեցածը Բառին Բուն Իմաստով Ցեղասպանութիւն Է» Կ՛Ըսէ Թուրք Գրող Քայա


«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ թուրք գրող Հուտա Քայա յայտնած է, որ 1915-ին տեղի ունեցածը բառին բուն իմաստով ցեղասպանութիւն է:

«Ատեն մը հպարտութեամբ կ՛ըսէինք. «Թուրքիոյ բնակիչներուն 98 առ հարիւրը իսլամ են»: Երբ իմացայ իրական պատմութիւնը, ոչ թէ այն, ինչ որ մեզի սորվեցուցած էին, ամօթ եւ նմանատիպ զգացումներ ունեցայ», ըսած է ան:

Թուրք գրողը նշած է, որ երբ իմացած է, որ տակաւին 80 տարի առաջ հողերու առնուազն կէսը ոչ իսլամներով բնակուած եղած է, ուղեղը շանթահարուած է: «Ո՞ւր են հիմա միլիոնաւոր մարդիկ: Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան իւրաքանչիւր էջը կեղտոտ եւ արիւնոտ էր: 100 տարուան ամօթը կար…», ըսած է Քայա:

Թուրք գրողը նշած է, որ մինչեւ հիմա շատերը «ցեղասպանութիւն», իսկ ոմանք մինչեւ իսկ «տեղահանութիւն» չեն կրնար ըսել, երբ իրականութիւնը «ցերեկուան նման յստակ է»: «Ենթադրենք` ոչ մէկ կոտորած եղած է, սակայն միլիոնաւոր մարդիկ իրենց տունէն, տեղէն, հայրենիքէն, գիւղէն բռնութեամբ դուրս բերուած են, աքսորուած են. ատիկա ցեղասպանութեան մէկ այլ երեսը չէ՞: Ամբողջ ազգի մը իր հայրենիքէն, հողէն արմատախիլ ըլլալը մարդկութեան դէմ յանցանք է, իսկ տեղի ունեցածը բառին բուն իմաստով Ցեղասպանութիւն է», ըսած է Քայա:

Ըստ անոր, այդ իրականութիւնը քաղաքական վիճարկումներու առիթ դարձնելը պատմական անխղճութիւն է: «Իմ համոզումովս մարդ մը սպաննելը բոլորը սպաննելու նման է: Մեզ պիտի կարենա՞նք ներել», ըսած է Քայա:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.