Թուրք հետազօտիչին համաձայն՝ Թուրքիոյ արխիւները կա՛մ փակ են, կա՛մ՝ ոչնչացուած
Թուրք հետազօտիչ, Պոլսոյ «Պօղազիչի» համալսարանի երիտասարդ գիտնականներէն Մեհմետ Փոլատել հարցազրոյց մը տուած է «Պիանեթ» կայքէջի թղթակիցին: Ակնարկելով վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հետազօտութիւններու համար թրքական բոլոր արխիւները բաց են՝ Փոլատել շեշտած է, որ Օսմանեան կայսրութեան եւ Թուրքիոյ հանրապետութեան ստեղծման ժամանակաշրջաններուն վերաբերեալ փաստաթուղթերը կա՛մ փակ են, կա՛մ ոչնչացուած, կամ ալ չեն դասակարգուած։
«Կ՛ըսուի, որ արխիւները բաց են, բայց գործնական գետնի վրայ անոնք փակ են։ Հարցեր կը ստեղծուին նոյնիսկ բաց արխիւներուն պարագային, քանի որ անոնց մէջ փաստաթուղթերը կա՛մ չեն դասաւորուած, կամ ալ ընդհանրապէս կը բացակային։ Հեռագիրները կան, բայց պատասխանները չկան։ Բազմաթիւ փաստաթուղթեր ալ գոյութիւն չունին նոյնիսկ բաց արխիւներու մէջ», ըսաւ Փոլատել, որ դոկտորական թէզ կը պատրաստէ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին հայերէն բռնագրաւուած ինչքերուն եւ հողային պահանջատիրութեան թեմային շուրջ։
Երիտասարդ գիտնականին խօսքերով, կարգ մը արխիւներ բաց են, բայց ատիկա չի նշանակեր, որ հոն պահպանուած են բոլոր փաստաթուղթերը. «Հանրապետութեան շրջանի արխիւներուն մէջ Հայկական Հարցին առնչութեամբ փաստաթուղթերը կա՛մ ոչնչացուած են եւ կամ գաղտնագրուած։
Նահանգապետներուն ու անոնց տեղակալներուն ուղղեալ հեռագիրներ կան, բայց պատասխանները չկան, ինչ որ կը դժուարացնէ հետազօտիչներուն աշխատանքը։ Ռազմական արխիւները գրեթէ փակ են, քանի որ որեւէ փաստաթուղթի հետ ծանօթանալու համար պէտք է ստանալ արտօնութիւնը կարգ մը պաշտօնեաներու, որոնք կ՛որոշեն, թէ ատիկա կապ ունի՞ դիմումին մէջ ներկայացուած ուսումնասիրութեան խորագիրին հետ, թէ ոչ։ Հաւանական է, որ վարչապետ Էրտողանի վերջին յայտարարութենէն ետք անոնք բացուին։ Բացի ատկէ, ռազմական արխիւներն ալ ամբողջութեամբ չեն դասաւորուած ու շարք մը բաժիններ փակ են հասարակութեան համար։ Օսմանեան կայսրութեան մասին բազմաթիւ փաստաթուղթեր անծանօթ պատճառներով կը պահուին ռազմական փակ արխիւներու մէջ», եզրակացուցած է Փոլատել։