Համազգայինի «Օշական» մատենաշարը կը հրատարակէ Վազգէն Շուշանեանի ցարդ անտիպ «Ալեկոծ տարիներ» գիրքը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Գանատայի շրջանային վարչութիւնը այսու կը ծանուցանէ իր Հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշար-ի մեկնարկը։
«Օշական» մատենաշար-ը կը միտի հրատարակել գրականութեան բնագաւառէն ստեղծագործական թէ գրականագիտական որակաւոր գործեր: Մեր նպատակն է այս մատենաշարով լոյս ընծայել անցեալ թէ ներկայ՝ մնայուն արժէքներու վերածուած գրողներու մանաւանդ անտիպ երկերը:
Այս առթիւ կը հաղորդենք, թէ արդէն իսկ լոյս տեսած է «Օշական մատենաշար»ի անդրանիկ հրատարակութիւնը՝ Վազգէն Շուշանեանի ցարդ անտիպ «Ալեկոծ տարիներ» գիրքը, որ տարաբախտ գրողին ինքնակենսագրութիւնը ըլլալէ անդին, նաեւ լուսարձակի տակ կը բերէ անոր ներաշխարհն ու աշխարհահայեացքը: Այս արժէքաւոր հրատարակութիւնը կարելի է գտնել Համազգայինի գրատարածի կրպակներուն մօտ:
Պարտ կը զգանք նաեւ յայտնել, թէ 2008-էն սկսեալ, Համազգայինի Գանատայի շրջանային վարչութիւնը հովանաւորած է երեք գիրքերու հրատարակութիւնը. Գէորգ Մանճիկեանի Յուշեր, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանի Բժիշկին Բ. խօսքը եւ Վրէժ-Արմէն Արթինեանի Իմ ուղեպատումը հատորները, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան 2013-ի Գրական մրցոյթի արդիւնքներու Հայ մայրը գրքոյկը։
Օշական մատենաշար-ին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ հարցումներու համար կը խնդրուի գրել oshagan@hamazkayin.ca հասցէին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ