Հայաստանի Մնայուն Բնակիչներուն Թիւը Նուազած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը 30 Ապրիլին հրապարակեց Հայաստանի մէջ մնայուն բնակչութեան հաստատածներուն թիւերը՝ 2014 թուականի 1 Յունուարի դրութեամբ:
Այս տարեսկիզբին Հայաստանի մէջ մնայուն կերպով բնակողներուն թիւը կազմած է 3 միլիոն 17 հազար 100 մարդ: Մայրաքաղաքին մէջ, ըստ հրապարակուած տուեալներուն, կը բնակի 1 միլիոն 68 հազար 300 մարդ: Ընդհանուր առմամբ՝ Հայաստանի ամբողջ բնակչութեան մեծ մասը՝ մօտ 63.44 տոկոսը կամ 1 միլիոն 914 հազար 100 մարդ, կ՛ապրի քաղաքներուն մէջ եւ, համապատասխանաբար, մօտ 36.56 տոկոսը կամ 1 միլիոն 103 հազար մարդ՝ գիւղերուն: Յատկանշական է, որ անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին Հայաստանի բնակչութեան թիւը կազմած է 3 միլիոն 26 հազար 900 մարդ: Այսինքն՝ այս տարուան Յունուար 1ի դրութեամբ, անցեալ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով, Հայաստանի մնայուն բնակչութեան պաշտօնական թիւը նուազած է մօտ 9800 հոգով:
Սակայն Ազգային վիճակագրական ծառայութեան այլ հրապարակումով մը, Ապրիլ ամսուան տուեալները՝ 2011ի մարդահամարի հիման վրայ ճշդուած բնակչութեան ընթացիկ թիւը նկատի ունենալով, 3 միլիոն 12 հազար 9 մարդ է, որ մօտ 15 հազար 100 մարդով աւելի պակաս է 2013 թուականի Ապրիլ 1ի տուեալէն՝ 3 միլիոն 28 հազար մարդ։