Սուրիական բանակը գրաւեց Քեսապի գիւղերէն Գարատուրանի սահմանակէտը
899
0
Լիբանանեան Ալ Մայատին հեռ ատեսիլի կայանը հաղորդեց, թէ սուրիական բանակը Ապրիլ 27-ի առաւօտուն գրաւած է Քեսապի Գարատուրան գիւղի սահմանակէտը։ Ըստ Ալ Մայատինի զինուորական գործողոիթեան մասնակցած են սուրիական բանակի ծովային մասնայատուկ ուժերը, որոնք զինեալ խմբաւորումներու հետ բուռն բախումներէ ետք գրաւած են Գարատուրանի ծովափը։