Հոլլանտ. «Էրտողանի ուղերձը իմաստալից է, բայց բաւարար չէ»


 

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ապրիլ 24-ին մասնակցեցաւ Փարիզի մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման արարողութեան:

Հանդիսութենէն ետք Հոլանտ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն: 

Էրտողանի ցաւակցական ուղերձին անդրադառնալով՝ Ան նշած է, որ իմաստալից խօսք է, սակայն բաւարար չէ:  

Ֆրանսայի նախագահը ընդգծած է, որ 1915-ին տեղի ունեցած ողբերգութիւնը մէկ անուն ունի՝ ցեղասպանութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Հիւրրիէթ» թերթը:

«Յաջորդ տարի ձեզ հետ, ձեր շարքերուն մէջ պիտի չըլլամ, որովհետև Երևանի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի արարողութիւններուն պիտի մասնակցիմ»,- յայտարարած է Հոլանտ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.