Վատիկանը Ցեղասպանութեան Մասին Գաղտնի Փաստաթուղթեր Հրապարակած Է
ԵՐԵՒԱՆ, «Հենարան».- Վատիկան նախաձեռնած է իր արխիւներուն մէջ պահուող գաղտնի փաստաթուղթերու հրապարակման եւ ըստ «Նովոսթի»ի՝ անոնց մէջ կան նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ: Այս նիւթերը պիտի ցուցադրուին մինչեւ այս տարուան Սեպտեմբեր ամիսը:
Վատիկանի գաղտնի արխիւի պատասխանատու Սերժիօ եպս. Պականօ ըսած է, թէ փաստաթուղթերուն մէջ հսկայական տեղեկութիւններ կան հայերու մասին: Ան յայտնած է, որ 1896ին Լեւոն 13րդ պապը խնդրած էր Ապտուլ Համիտէն, որ գթասրտօրէն մօտենայ հայերուն եւ դադրեցնէ անոնց դէմ վարուող բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Թուրքերուն կատարած Ցեղասպանութիւնը հաստատող շուրջ 100 փաստաթուղթեր, որոնց մէջ կան նաեւ թուրք զինուորներու վկայութիւններ, պիտի հրատարակուին յատուկ գիրքով մը: Թուրք զինուոր Մուսթաֆա Սուլէյման հետեւեալ վկայութիւնը ըրած է. «Մենք կը մտնէինք հայկական գիւղերը եւ կը սպաննէինք բոլորը՝ առանց սեռի եւ տարիքի խտրականութեան: Մեզի հետ եկած քիւրտերը կը կողոպտէին հայերու տուները: Մեծ թիւով հաշմանդամներ կը թաքնուէին դպրոցներու մէջ, բայց մենք անոնց ալ կը սպաննէինք: Հանած ենք հայր Յովհաննէսի աչքերը, կտրած ենք մօրուքը, քիթն ու ականջները: Ես ոչ մէկ երեխայ սպաննած եմ եւ նոյնիսկ երկու հատը փրկած եմ: Երեք օր անոնց պահեցի իմ վրանիս մէջ, բայց օր մը մտայ ներս եւ զանոնք անդամահատուած տեսայ»:
Եպիսկոպոս Պականօ խօսած է նաեւ երիտթուրքերու մասին եւ ըսած, որ անոնց դաժանութիւնները տեսնելով՝ կ՛ամչնար մարդ ըլլալուն համար: