Այշէ Կիւնայսուի Յօդուածը՝ Քեսապի Իրադարձութեանց Մասին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրք յայտնի հրապարակագիր Այշէ Կիւնայսու «Էօզկիւր Կիւնտեմ»ի մէջ հրատարակած է «Քեսապ 1909» խորագրեալ յօդուած մը, ուր ան, յուզիչ տողերով կը պատմէ, թէ այսօր քեսապցի հայերու գլխուն եկածը 1909էն ի վեր երրորդն է։ Ան կ՛ակնարկէ Յուլիս 30, 1909 թուակիր «Իվնինկ Նիուզ Սիտնի» թերթէն լուրի մը, որ կը կրէ «Քեսապի Մէջ Կրակ Եւ Սուր» խորագիրը։
Կիւնայսուի համաձայն՝ քեսապցիներուն դիմագրաւածը նոյն աշխարհագրութեան վրայ ապրող 30 հազար հայերու սպանութեամբ աւարտած սարսափազդու Ատանայի սպանդին մէկ մասնիկն էր։
Ան կը գրէ Քեսապէն հոգեւորական Սթեֆան Վան Թրոպրիչի կողմէ Աւստրալիոյ մէջ անձի մը ուղարկուած նամակի մը մասին, ուր կը նշուի, թէ թուրքերը եւ արաբները «Մարթին»ի հրացաններով յարձակած են Քեսապի վրայ, մինչ գիւղաքաղաքը պաշտպանելու կոչուած 300 քեսապցիներուն հրացանները երկարաձիգ չեն եղած ու այդ պատճառով ալ, անոնք ժողովուրդը հրաւիրած են հեռանալու եւ ապաստանելու Գալատուրան։
«Ուրեմն ինչ, որ պատահեցաւ 1909ին, կրկնուեցաւ թէ՛ 1915ին եւ թէ այսօր՝ 2014 թուականին։ Բոլորին մէջն ալ դերակատարները նոյնն են, նո՛յնն են նաեւ զոհերը», կ՛եզրակացնէ Կիւնայսու:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.