105 տարի առաջ, Ապրիլ 10-ին, Քեսապը առաջին անգամ տեղահանուեցաւ
1909-ի Ապրիլին, Քեսապի բնակչութիւնը Պասիթի ծովափէն մակոյկներով կը փոխադրուի ֆրանսական նաւ
1909-ի աղէտը (Թալանտէն), առաջին սեւ ու ցաւալի պատուհասն էր Քեսապ շրջանին համար: Ապրիլ 10-23, հինգ հազար հաշուող թուրք խուժան մը արեւելքէն կը ներխուժէ Քեսապ: Թուրքերը Սեւ Աղբիւր, Էսկիւրան, Չինարճըգ եւ Խայըթ գիւղերը կողոպտելէ ու հրկիզելէ ետք, երեք կողմէ կը պաշարեն Քեսապ աւանը: Աղէտեալ գիւղերուն բնակիչները խուճապահար կը հասնին Քեսապ, 300 տեղացի զինեալներ բուռն կերպով կը դիմադրեն, սակայն թուրքերը կը յաջողին գիւղին մէկ ծայրը այրել: Հայերը կ’ապաստանին Գարատուրանի լեռներն ու ծովեզերքը: Քեսապը հրկիզելէ ու թալանելէ ետք, խուժանը կ’ուղղուի դէպի Գարատուրան, այնտեղ եւս կ’այրէ ու կը կողոպտէ վերի թաղի տուները: Հայերը Գարատուրանի ծովափէն կ’ուղղուին դէպի Պետրուսիա թրքական գիւղը, անկէ դէպի Պասիթ, ուր շուտով կը հասնի ֆրանսական Ժիւլ Ֆէրի մարտանաւը եւ ժողովուրդը Լաթաքիա կը փոխադրէ:
Լաթաքիոյ մէջ, Մովսէս Վարդապետ Ոսկերիչեանի գլխաւորութեամբ կը կազմուի աղետեալներուն օժանդակ մարմին մը, որ տարագիրներու անմիջական կարիքներն ու բնակութեան տեղեր կը հոգայ, հայոց հոգետան եւ արաբ եկեղեցիներու մէջ կամ առանձին ընտանիքներու մօտ:
Քեսապահայութիւնը աղէտին կու տայ 161 զոհ, բայց մեծ կ’ըլլան նիւթական կորուստները:
Կացութիւնը խաղաղելէն ետք, չտուժած գիւղերու բնակիչները կը վերադառնան իրենց տուները: Գաղթականները շուրջ մէկ տարի Լաթաքիա մնալէ ետք Քեսապ կը վերադառնան ու կը վերաշինեն իրենց տուները:
Աղէտին հետեւանքով, հայ եւ բարեսիրական հաստատութիւններ Քեսապի բնակիչներուն օգնութեան կը փութան:
Աղէտէն ետք Քեսապ կ’այցելէ Սսոյ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Սահակ Կաթողիկոս Խապայեան:
Քեսապի մէջ շուտով կը բացուին այրիանոց, որբանոց եւ մանչերու արհեստանոց: Տնտեսութիւնը վերականգնելու ճիգեր կը թափուին եւ մանաւանդ շինարարական բուռն թափ մը կը սկսի: Այդ օրերուն, Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ կը սկսին վերակառուցուիլ եկեղեցա-դպրոցական եւ մշակութային վիթխարի բազմաթիւ շէնքեր, որոնք մինչեւ օրս կանգուն են եւ շատեր կը շարունակեն ծառայել շրջանի հայութեան:
1909-ի Ապրիլին Ֆրանսական Ժիւլ Ֆէրի մարտանաւը 1450 քեսապցիներ Պասիթէն Լաթաքիա փոխադրեց