Սուրիոյ մէջ սպաննուած է 100-է աւելի ատրպէյճանցի զինեալ

\n

\n

 

\n

Սուրիոյ իսլամ ժիհատականներու շարքերուն մէջ կռուող երկու ատրպէյճանցիի մահուան մասին տեղեկութիւններ կը փոխանցէ ատրպէյճանական APA գործակալութiւնը։

\n

Ըստ APA -ի սպանուածներն են Իպրահիմ Քերիմովը (1981-ի ծնունդ) եւ Սամիր Մակերամովը (1987)։

\n

Քերիմովը, որ մարզիկ էր, Սուրիա հաստատուած էր կնոջ և երեք երեխաներուն հետ։

\n

Մարտ 31-ին ann.az լրատուական գործակալութիւնը հաղորդած էր, որ Սումկայիթ քաղաքի բնակիչներ Զահիտ Նասիրով եւ Թամերլան Մամետով սպաննուած էին Սուրիոյ մէջ։ Երկուքն ալ անդամ էին ISIS-ի(The Islamic State of Iraq and the Levant)

\n

Ըստ APA -ի Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր աւելի քան 2000 ատրպէյճանցի քաղաքացիներ մեկնած են Սուրիա՝ մասնակցելու կռիւներուն։ Հարիւրէ աւելի ատրպէյճանցի զինեալներ սպաննուած են Սուրիոյ մէջ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.