ԺԻՀԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՃԱԿԱՏ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՕԴԱՅԻՆ ԿԱՄՈՒՐՋ

\n

\n

Սուհէյպ Անկերինի լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիան Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող գիւղական շրջաններուն մէջ ճակատամարտերուն միակ աջակցող կողմը չէ։ Ըստ բացայայտուած տեղեկութեան մը, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյութիւն ունի օդային կամուրջ մը, որուն միջոցով ժիհատականներ Յորդանանի մէջ մարզուելէ ետք Թուրքիա կը փոխադրուին։

Քեսապի եւ մերձակայ շրջաններու ճակատամարտերուն մէջ Յորդանանի հետզհետէ աճող դերակատարութեան մասին տեղեկութիւնը ցոյց կու տայ, որ Սուրիոյ հարաւը ճակատ բանալու ծրագիրը փոխարինուած է հիւսիսային ճակատով, եւ ստեղծուած է օդային կամուրջ մը, որուն ճամբով հարիւրաւոր ժիհատականներ Ամմանի Մարքա օդակայանէն կը փոխադրուին Ալեքսանտրէթի նահանգի մէջ գտնուող Անտիոքի օդակայան։ Ըստ սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրի մը հաւաստման, աւելի քան հազար ժիհատական զինեալներ անցնող օրերուն այս ճամբով փոխադրուած են՝ անմիջապէս միանալու համար Լաթաքիոյ հիւսիսը գտնուող գիւղական շրջաններուն մէջ ընթացող մարտերուն։ Աղբիւրը շեշտած է, որ նշեալ տեղեկութիւնը հաստատուած է «յորդանանեան ճշգրիտ աղբիւրներու» կողմէ։

Նշեալ ժիհատականները տարբեր հպատակութիւններ ունին, ներառեալ սէուտական, յորդանանեան եւ սուրիական։ Աղբիւրը աւելցուցած է, որ Անտիոք փոխադրուած զինեալներուն մէկ մասը Ամմանի հիւսիսը գտնուող Ռուսայֆա շրջանի ճամբարներուն մէջ մարզուած է։ Ըստ անոր, ժիհատականներու մարզումը եւ փոխադրութիւնը կարելի չէ առանց այդ գործողութիւնները յորդանանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ համակարգելու եւ ամերիկեան ուղղակի հսկողութեան։ Ծրագիրը որդեգրուած է իբրեւ այլընտրանք յորդանանեան հողատարածքէն ընթացք առնելիք հարաւային ճակատին, որ երկար ատենէ ի վեր կը ջատագովուէր։ 
Այլընտրանքային քայլը, որ թերեւս իսկութեան մէջ գլխաւոր ընտրանքն էր, կրնայ Յորդանանը փրկել իր տարածքէն ընթացք առնող ճակատի մը բացման բեռէն։Յորդարանի մէջ գտնուող ճամբարներէ եկող ժիհատականները պիտի միանան Թուրքիոյ մէջ իրենց զինակիցներուն։ Անոնց մեծամասնութիւնը չեչեններ են եւ մարտական փորձառութիւն ունին։ Անոնք իրերայաջորդ կերպով մուտք պիտի գործեն թրքական սահմանէն։ Այս կրնայ բացատրել պատերազմի դաշտին վրայ արձանագրուող իրերայաջորդ փոփոխութիւնները, որոնց պատճառով ռազմավարական դիրքերու եւ շրջաններու ազդու եւ հաստատ վերահսկողութիւն մը չէ գոյացած։ Շարք մը վայրերու մէջ դիրքերը յաճախակի կերպով ձեռքէ ձեռք կ՚անցնին, մասնաւորաբար «45-ի դիտարանը»։ Կը թուի, թէ Սուրիոյ կանոնաւոր բանակի առաջին 24 ժամուան ընթացքին ճակատամարտի կացութիւնը ազդու կերպով լուծելու ուշանալուն պատճառով բաց ճակատ մը ստեղծուած է։

Այս իրողութեանց լոյսին տակ կը թուի, թէ ժիհատականներուն Իտլիպէն հասած օգնութեան մասին լուրերը ապատեղեկատուութիւն են եւ կը ծառայեն յաւելեալ ուժերու մատակարարման աղբիւրն ու բնոյթը ծածկելու։

Ինչ կը վերաբերի գետնի վրայ զինեալներու շարժումին՝ աղբիւրը շեշտած է, որ Քասթալ Մաաֆ եւ ալ-Պատրուսիա ճակատները ներկայիս ձեռք բերուած շահերը պահպանելու տեսանկիւնէն ամէնէն կարեւորներն են։ Առաջինը դէպի Քեսապ տանող բուն ճամբան է, իսկ երկրորդը Գալատուրան եւ Թաշալմա հասնելու միակ ուղին է։ Այդ մէկը կը պահանջէ, որ ժիհատականները շարունակեն հակարակորդի ետեւի գիծերը «Կրատ» հրթիռներով ռմբակոծել, որպէսզի «ալեւի յաւելեալ ուժեր չհասնին ճակատ»։ 
Ժիհատականներուն քայլերը կը թուին հիմնուած ըլլալ իսկական մարտավարական ծրագիրի մը վրայ, որուն գլխաւոր նպատակը միաժամանակ ռազմավարական բարձրունքներ եւ կարգ մը ծովեզերեայ կէտեր գրաւելն է։

Գետնի վրայ «45-ի դիտարան»-ի մերձակայքը բախումները շարունակուեցան։ Բախումներու ընթացքին սպաննուեցաւ Շամ ալ-Իսլամ շարժումի ռազմական հրամանատար Եգիպտոսի քաղաքացի Ահմատ Մազիանը, որ ծանօթ է «Ապու Սաֆիյա ալ-Մասրի» անունով։ Հինգշաբթի գիշեր զինեալները դարձեալ փորձեցին վերատիրանալ ռազմավարական դիրքերուն եւ Ժապալ ալ-Նըսրի, ալ-Սաուտայի, Պէյթ ալ-Շրուքի եւ ալ-Խոտրայի մէջ բախումներ տեղի ունեցան։

Միւս կողմէ՝ Ժապհաթ Նուսրա եւ Իսլամական Ճակատը յայտարարեցին սկիզբը «Անֆալի ճակատամարտի արձագանքը» ճակատամարտի, որուն առաջին արդիւնքը պիտի ըլլայ Իտլիպի հարաւը գտնուող գիւղական շրջանին մէջ «Խան Շէյխունի մնացեալ մասի ազատագրումը»։ Ժիհատական աղբիւր մը «Ախպար»-ի յայտնած է, որ այս ճակատամարտը մաս կը կազմէ «Անֆալ» ճակատամարտին եւ պիտի շարունակուի «մինչեւ մեր եղբայրներուն հանդիպինք Լաթաքիոյ մէջ»։ Սակայն սուրիական ռազմական աղբիւր մը հաստատած է, որ Սուրիոյ բանակը Խան Շէյխունի մէջ արգելակած է փորձերը ահաբեկիչներուն, որոնք որեւէ յաղթանակ չեն արձանագրած։

                                                                                                                                     

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.