Ըմբշամարտ. Արթուր Ալեքսանեան` Եւրոպայի Ախոյեանութեան Եռակի Ախոյեան
742
0
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Ֆինլանտայի մէջ սկսած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան 98 քկ դասակարգին մէջ գերազանց ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Ալեքսանեան:
Եւրոպայի գործող ախոյեանը կիսաւարտականին մեծ առաւելութեամբ պարտութեան մատնեց Նորվեկիան ներկայացնող Նիելսընը եւ հասաւ աւարտական:
Աւարտական հանգրուանին ան իրեն մրցակից ունեցաւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Չենք Իլտեմը:
Առաջին ճակատումին Ալեքսանեան 2 – 0 արդիւնքով յաղթեց, իսկ երկրորդին ան երեք կէտ եւս ապահովելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 5 – 0 արդիւնքով: