«Պի.Պի.Սի.»ն Կ՛անդրադառնայ «#SAVEKESSAB» Արշաւին
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Բրիտանական «Պի.Պի.Սի.» լրատուական ընկերութեան պատկերասփիւռի կայանը անդրադարձած է Քեսապի պատմութեան ու «#SAVEKESSAB» համացանցային արշաւին, որուն միացած են համաշխարհային հռչակ ունեցող ազգութեամբ հայ աստղեր: Միջազգային հանրութիւնը հետաքրքրուած է, թէ ինչո՞ւ «Թուիթըր»ի վրայ աւելի քան 2 միլիոն հետեւորդ ունեցող Քիմ Քարտաշեանը քանի մը անգամ գրած է Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին:
\n Այս մասին կայանը հարցում մը ուղղած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանին, որ իր կարգին յիշեցուցած է, թէ Քարտաշեան ազգութեամբ հայ է եւ չթաքցնելով իր արմատները՝ բազմիցս իր մտահոգութիւնը յայտնած է Սուրիոյ մէջ զոհուող եւ տեղահանուող հայերուն առնչութեամբ:
\n Այնուհետեւ, բրիտանական կայանին լրագրողը պատմած է Քեսապի իրադարձութիւններուն մասին՝ աւելցնելով, թէ երգչուհի Շեր եւս միացած է յայտնի աստղերու գրառումներուն՝ Քեսապի մասին:
\n «Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մեծաթիւ համայնքներ ունեցող հայեր միացան «#SAVEKESSAB» շարժումին ու իրենց բողոքը արտայայտեցին Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն դէմ: Թէպէտ շատեր ծաղրանքով կը մօտենան Քարտաշեանի գրառումներուն, բայց անոնք իրենց նպատակին կը ծառայեն», նշած է լրագրողը:
\n