Կովկասի Իսլամներուն Պետը Հակահայկական Յայտարարութիւններ Կատարած Է
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կովկասի իսլամներու վարչութեան ղեկավար Ալլահշուքիւր Փաշազատէ, որ Ատրպէյճանի հիւսիսային եւ լեզկիներով բնակեցուած շրջանը այցելած էր, հանդէս եկած է հակահայ սադրիչ յայտարարութիւններով:
\n Ըստ ատրպէյճանական «Հաքին» լրատուական կայքին՝ ան յայտարարած է. «Հայաստանը մեր որոշ եղբայրական իսլամ պետութիւններու ձեռքերով կը փորձէ հրահրիչ արարքներ կազմակերպել Ատրպէյճանի մէջ, սակայն կը ձախողի»:
\n Փաշազատէ լեզկիներով եւ թաթարներով բնակեցուած շրջանները այցելած է «կրօնական լուսաւորման նպատակով», սակայն փաստօրէն, անոր հիմնական նպատակը եղած է շրջանի բնակչութիւնը հայերուն դէմ լարել:
\n Ինչպէս կ՛երեւի, ան եւս միացած է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան համապարփակ հակահայ քարոզչութեան, մինչ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Պաքուի ղեկավարութիւնը կը յորդորեն՝ բնակչութիւնը պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի:
\n \n