Թուրքիա Օտար Զինեալներ Կը Ղրկէ Լաթաքիա. Զողպի


ԴԱՄԱՍԿՈՍ, ԱՆԳԱՐԱ, «Էյ.Փի.», «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կառավարութիւնը նպաստած է զինուած ահաբեկիչներու Քեսապ հասնելուն՝ ոտնակոխելով միջազգային օրէնքները. Երկուշաբթի, Մարտ 31ին այսպէս յայտարարեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զողպի՝ աւելցնելով, որ Էրտողանի կառավարութիւնը ոչ միայն Քեսապի եւ Լաթաքիոյ հիւսիսային շրջաններուն, այլեւ բոլոր սահմանամերձ շրջաններուն մէջ նման ոտնակոխումներու կը դիմէ:
Միաժամանակ, նախարարը նշեց, որ Էրտողանն ու Անգարան իրենց գաղափարախօսութեամբ սերտ կապեր ունին միջազգային ահաբեկչութեան հետ, ինչպէս՝ Լիպիոյ, Թունուզի եւ Եգիպտոսի մէջ: Ան շեշտած է, որ Լաթաքիոյ մէջ այժմ կռուող զինեալները սուրիացիներ չեն եւ ոչ ալ սուրիական ընդդիմութեան անդամներ, այլ՝ օտար ահաբեկչական խմբաւորումներու անդամներ, որոնց կազմին մէջ հիմնականօրէն կան սէուտցիներ, աֆղաններ, լիպիացիներ եւ չեչեններ:
Նշենք, որ Սուրիա Երկուշաբթի օր յայտարարեց, թէ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ հակաօդային հրթիռներու նոր համակարգեր զետեղած է՝ հակադարձելու համար թրքական օդանաւերու կողմէ սուրիական օդային սահմաններու յաճախակի դարձած խախտումներուն:
Նաեւ, Երկուշաբթի օր, թրքական հրետանին Քեսապի ուղղութեամբ կրակ բացած է, երբ նոյն օրը սուրիական հողամասերէն արձակուած քանի մը հրթիռներ ինկած են մղզկիթի մը վրայ:
Անցած շաբաթավերջին եւս, Ալեքսանտրէթ նահանգի Եայլատաղ շրջանի դատարկ հողատարածքին վրայ սուրիական կողմէն արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառաբանութեամբ՝ թրքական բանակը պատասխան հարուածներ հասցուցած է սուրիական տարածքին: Եայլատաղի հակառակ կողմը՝ թուրք-սուրիական սահմանէն 3 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, կը գտնուի հայաբնակ Քեսապ աւանը, որուն շուրջ մարտերը կը շարունակուին: Երկուշաբթի օր Թուրքիոյ մէջ ինկած հրթիռներուն հետեւանքով կին մը վիրաւորուած էր, իսկ անցեալ շաբթուան պայթումին պատճառով զոհեր կամ նիւթական վնասներ չէին արձանագրուած:
Լիբանանեան «Նաշրա» լրատուական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակը թիրախ դարձուցած է Քեսապի շրջակայքը եւ Քալատուրանի մէջ գտնուող ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը, իսկ սուրիական օդուժը հարուածած է Քեսապի մօտ գտնուող Քոզ լերան վրայ եւ Խըրպեթ Սուլասի մէջ գտնուող զինեալներու դիրքերը:
Երկուշաբթի օր նաեւ հաղորդուեցաւ, թէ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող թիւ 45 դիտարանը ամբողջութեամբ անցած է սուրիական բանակի հակակշիռին տակ: Անցեալ շաբթուան ընթացքին, դիրքը, ուրկէ կարելի է հսկել Լաթաքիոյ նահանգի լայն տարածութիւններ, քանի մը անգամ ընդդիմութեան ձեռքը անցած էր:
Բանակային աղբիւր մը Երկուշաբթի օր նաեւ լիբանանեան «Տէյլի Սթար» թերթին հաղորդած է, թէ Լիբանանի սահմանակից Քալամունի շրջաններուն մէջ բանակին գործողութեանց յաջող աւարտէն ետք, բանակը այսուհետեւ ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնէ Քեսապը վերագրաւելու արշաւին վրայ:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը զգուշացուց, որ ծայրայեղականները կը շարունակեն սուրիացի քաղաքայիններ ահաբեկել, մասնաւորաբար Լաթաքիոյ Ռիֆին մէջ վերջին յարձակումին ընթացքին: Նախարարութիւնը նշեց. «Վերջին օրերուն բախումները սաստկացան կառավարական ուժերուն եւ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ, որոնք կը փորձեն վրէժ լուծել»:
Մինչ այդ, «Արմէնփրէս»ի համար պատրաստած իր յօդուածին մէջ, իտալա-արաբական «Ասատաքա» կեդրոնի պատասխանատու, լրագրող Թալալ Խրայիս գրած է, թէ «Ճապհաթ Նուսրա»ի ծայրայեղական վարձկաններուն միջոցով, Թուրքիան պատերազմ կը հրահրէ Սուրիոյ մէջ, հայերը դարձեալ բնաջնջելու նպատակով՝ դատապարտելով ահաբեկիչներուն կողմէ Քեսապի հայկական եկեղեցիներուն եւ գերեզմաններուն սրբապղծումը: Լրագրողը կը նշէ, որ Թուրքիա «Քայիտա»ի զինակից աւելի քան 5000 ծայրայեղականներու համար իր սահմանը բացած էր, որպէսզի անոնք ազատօրէն Քեսապ մուտք գործեն: Խրայիս նաեւ կոչ ըրած է Իտալիոյ կառավարութեան, որ այս ոճիրները կասեցնելու նպատակով, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց վրայ ճնշում բանեցնէ:
Նաեւ, իրանեան «ԻՌԻՊ» լրատուական գործակալութիւնը գրած է, թէ Քեսապի մէջ տեղի ունեցածը «հայերու դէմ թուրքերու իրականացուցած ոճրագործութիւններուն կրկնութիւնն է»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.