ԼՂՀ Մարտական Յենակէտին Վրայ Զինուոր Մը Զոհուած Է


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Թերթ».– Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու հանդիպման գիծին արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն յենակէտին վրայ մարտական առաջադրանք կատարելու ատեն 27 Մարտին, ժամը 13:10ին մահացու հրազինային գնդակային հարուած ստացած ու մահացած է զինուորական ծառայող, 1995ի ծնունդ Արայիկ Ռոմիկի Բաբայեանը։ Այս մասին կը փոխանցէ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքը։
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է ծանր կորստեան վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում Ա. Բաբայեանի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին: Միջադէպի մանրամասները պարզելու համար տարւում է քննութիւն», նշուած է այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.