Մայր Աթոռը Դատապարտած Է Քեսապի Մէջ Ծայրայեղականներու Ահաբեկչական Գործողութիւնները


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը 24 Մարտին հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ՝ Քեսապի եւ շրջակայ բնակավայրերու բռնազաւթման առնչութեամբ, որուն իբրեւ հետեւանք տարհանուած է բնակչութիւնը, մեծաւ մասամբ հայ ընտանիքներ, քանդուած եւ հրկիզուած են տուներ, պղծուած սրբավայրեր:
Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգին համաձայն՝ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խորը մտահոգութիւնը յայտնած է տեղի ունեցածին առնչութեամբ եւ դատապարտած է Քեսապի խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ ծայրայեղականներուն կատարած ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց աջակցած է Թուրքիան: Զրոյցին ընթացքին վեհափառ հայրապետը իր զօրակցութիւնը յայտնած է Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Քեսապի մէջ ստեղծուած կացութեան վերաբերեալ կաթողիկոսը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է նաեւ Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի հետ:
Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր աթոռին մէջ կայացած խորհրդակցութեան ընթացքին հաստատած է, որ Սուրբ Էջմիածինը աշխարհասփիւռ իր թեմական կառոյցներով կը շարունակէ իր աջակցութիւնը սուրիահայութեան՝ աղօթելով, որ խաղաղութիւնը վերահաստատուի Սուրիոյ աստուածասէր ժողովուրդին կեանքին մէջ եւ տեղահանուած ու գաղթական ընտանիքները վերադառնան իրենց հայրենի օճախները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.