Արցախի Նախագահը Ընդունեց ՀՅԴ Մարմիններու Խորհրդաժողովին Մասնակիցները


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 23 Մարտին ընդունած է Ստեփանակերտի մէջ մեկնարկած ՀՅԴ Մարմիններու խորհրդաժողովին մասնակիցները:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի ընկերային-տնտեսական զարգացման, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Երկիրին ղեկավարը շատ կարեւոր նկատած է նման հանդիպումներու կայացումը եւ երախտագիտութիւն յայտնած է ներկաներուն՝ միջազգային տարբեր ատեաններուն մէջ արցախեան հիմնախնդիրի առարկայական ներկայացման, Արցախի միջազգային ճանաչման, տարբեր պետութիւններու հետ կապերու հաստատման ու ամրապնդման, հանրապետութեան զարգացման եւ զօրացման առնչութեամբ անոնց հայրենանուէր գործունէութեան համար:
Հանդիպման ընթացքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գծով տարած աշխոյժ գործունէութեան համար նախագահ Սահակեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը պարգեւատրած է «Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.