Բախումները Կը Շարունակուին Քեսապի Եւ Անոր Շրջակայքին Մէջ


 

Երէկ ուշ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ դատապարտելով ընդդիմադիր զինեալ ճակատներուն կողմէ Լաթաքիոյ հիւսիսային արուարձանին վրայ կատարուած յարձակումը` Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւր մը յայտարարեց, որ անցնող ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն ընթացքին թրքական կառավարութիւնը սահմանային Քեսապի շրջանին մէջ աննախադէպ զինուորական յարձակում իրականացուցած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարուածելով` նշելով, որ այս յարձակումը կատարուեցաւ հրետանային ռմբակոծութեամբ` թրքական հողատարածքներէն դէպի սուրիական տարածք զինեալ խմբաւորումներուն մուտքը ապահովելու համար:

Նշենք, որ ընդդիմադիր կողմը յարձակման գործողութիւնը անուանած է «Անֆալի ճակատամարտ», որուն վերջնական թիրախը Լաթաքիան կը նկատէ: Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ շաբաթ օր սուրիական բանակի ուժերու միաւորներ մեծ հարուած հասցուցած են սահմանէն ներթափանցած զինեալ խմբաւորումներուն: Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, որ բախումներու հետեւանքով կիրակի օր զինեալները մտած են Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը` հասնելով մինչեւ Էքիզոլուխ:

Նշենք որ շաբաթ օրուան երկրորդ կիսուն բնակիչները լքեցին Քեսապն ու գիւղերը, սակայն մօտ 30 տարեցներ տակաւին կը մնան այնտեղ: Քեսապէն Լաթաքիա ապաստան գտած ցանկագրուած հայ ընտանիքները կը հաշուեն մօտ 500 ընտանիք եւ կը ստանան համապատասխան օգնութիւն` Կարմիր մահիկի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Շտապ օգնութեան մարմիններուն եւ միութիւններուն համադրուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք:

Սուրիական բանակի միաւորները ազգային ինքնապաշտպանական ջոկատներուն աջակցութեամբ Քեսապի եւ այլ արուարձաններու շրջաններուն մէջ կը պաշարեն ընդդիմադիր զինեալները: Բուռն բախումները կը շարունակուին, ուր մարտերը կ՛ընթանան յարձակում-նահանջ գործողութիւններ իրականացնելով եւ երկու կողմերէն ալ կորուստներ պատճառելով:

Թրքական հակաօդային ուժերը երէկ վար առին սուրիական ռմբաձիգ մը, որ կը հարուածէր Քեսապի շրջանին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը: Սուրիական բանակը հակադարձեց ռմբակոծելով Ելտաղըի մէջ զինեալներու կեդրոնները: Ըստ թրքական կողմին, սուրիական օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածքը բռնաբարած էր: Թուրքիա զգուշացուց Սուրիան, որ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ իր օդային տարածքը բռնաբարուի:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորեց թրքական օդուժը սուրիական ռմբաձիգը վար առնելուն համար` նշելով. «Այսուհետեւ Թուրքիոյ հակադարձութիւնը բուռն պիտի ըլլայ»: Ան ըսաւ. «Էֆ-16» տիպի մեր օդանաւերը վար առին սուրիական օդանաւ մը, որ թրքական օդային տարածքը խզեց»:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին այս առիթով շնորհաւորեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետը` նշելով. «Այս քայլը իր սահմանները պաշտպանելու Թուրքիոյ վճռակամութիւնը ցոյց կու տայ»:

Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը կրակած են օդանաւին ուղղութեամբ ճիշդ այն պահուն, երբ մտադիր էր յարձակում գործել Լաթաքիոյ նահանգին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դէմ: Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը «նախայարձակումի անթաքոյց դրսեւորում» նկատեց:

Մինչ այդ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Քեսապի մէջ բախումները շարունակուած են: Սուրիական բանակը հակայարձակում մը գործած է սահմանային Նապահ Միր շրջանին դէմ: Սպաննուած են շարք մը ընդդիմադիր զինեալներ, որոնց շարքին Ժապհաթ Նուսրայէն Ապտելմուհսեն Շարեխ, որ ծանօթ է «Ուասիքուլլահ» անունով, ինչպէս նաեւ Օմար Մուխթար ջոկատի ղեկավար Մոհամետ Քաֆի:

Թրքական «Սոլհապեր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քեսապի դէմ յարձակում գործած «ահաբեկչական խմբաւորումները» իրենց յարձակումը շղթայազերծած են Թուրքիայէն:

Թրքական «Կրանտ Աֆերզ» օրաթերթը նշեց, որ զինեալները թրքական օդային պաշտպանութիւն կը ստանան` աւելցնելով, որ «Թուրքիա եւ Քաթար քաղաքական իրենց դիրքը փոխելէ առաջ վերջին պատգամները կ՛ուզեն փոխանցել»:

Թրքական «Կրանտ Սթրաթեճի» թերթը իր կարգին կը նշէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ դէմ յարձակումին նպատակը Եապրուտի, Քալամունի եւ Քալաաթ Հոսնի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն ետք սուրիական բանակին թափը կտրելն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.