ՀՅԴ Մարմիններու Խորհրդաժողով Արցախի Մէջ
- (0)

ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի հիւրընկալութեամբ գումարուող խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՀՅԴ բոլոր` տասներկու Կեդրոնական կոմիտէներու, Հայաստանի Գերագոյն մարմնի եւ կազմակերպական այլ շրջաններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալ պատասխանատու ընկերներ, ընդհանուր` շուրջ 60 մասնակից:
Ժողովը պիտի անդրադառնայ նաեւ տարածաշրջանին մէջ վերջին զարգացումներուն, Սուրիոյ հայութեան աջակցութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կուսակցական կազմակերպական շարք մը ծրագիրներու:
ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան
22 Մարտ 2014, Ստեփանակերտ