ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՍԱՀՄԱՆԷՆ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՔԷՍԱՊԻ ՎՐԱՅ – video


Այսօր, ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ի առաւօտ, կանուխ ժամերուն Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը ենթարկուեցան յարձակումի «Ալ Նասրա» եւ «Ալ Իսլամիէ» ճակատներու կողմէ:

Նշենք, որ ընդիմադիր զինեալներ ամիսներէ ի վեր համախմբուած էին նշեալ գօտիի վրայ, որոնք Իտլիպէն, Ժապել Զաուիյէէն եւ այլ շրջաններէն հեռացած էին, անոնք Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործեցին Քէսապի վրայ։ Արձակազէնները կը կրակեն բնակավայրերու վրայ:

Քեսապի մէջ գտնուող մեծ թիւով հայեր արդէն ապաստանած են աւելի ապահով շրջան: 
Սուրիական զօրքը, թէեւ այդ շրջանին վրայ ներկայութիւն էր սակայն ոչ բաւարար թիւով: Այսօր սակայն անմիջապէս սուրիական բանակի յաւելեալ ջոկատներ հասած են շրջան: Սուրիական օդուժը կը հարուածէ ընդիմադիր խմբաւորումներու հաւաքատեղիները։ Միւս կողմէ, բանակը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան։ Բախումները կը շարունակուին։ 
Սուրիական զօրքը արդէն կը շարունակէ ընդիմադիր զինեալներու կարեւոր կէտերը հարուածել եւ կը պաշտպանէ աւանը ետ մղելով ընդդիմադիրները։

Յայտնենք, թէ Քէսապի շրջակայքը՝ Սուրիոյ տարածքին կը գտնուին թիւրքմէն գիւղեր:
Բախումներու հետեւանքով զոհեր կան, սակայն ստոյգ տեղեկութիւններ չկան անոնց ինքնութեան մասին։

Video

https://www.youtube.com/watch?v=tnQWkmZ0muI

https://www.youtube.com/watch?v=ApPm6DptX4k


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.