Աւստրիոյ մէջ հիմնուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբ
- (0)

Ելոյթ ունենալով, Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը, նախ անդրադարձաւ ներկայիս հայ ժողովրդի դիմագրաւած հիմնախնդիրներուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայկական Ցեղասպանության ճանաչման եւ հատուցման հարցին, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն, Արցախի հարցի հոլովոյթին եւ Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած հիմնահարցերուն:
Գասպար Կարապետեանը շեշտեց, որ Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքներու ծաւալման առումով իր կարեւորութիւնն ունի Աւստրիան: Ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կազմուած է եւ պիտի գործէ Հայ Դատի յանձնախումբը: Ներկայացնելով, որ յանձնախումբն ունի երիտասարդ եւ որոշակի պատրաստուածութիւն ունեցող կազմ, Կարապետեան ներկաներուն կոչ ըրաւ օժանդակել Հայ Դատի աշխատանքներուն:
Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Կիրակոսեանին՝ ներկայ գտնուելու համար եւ շեշտեց, որ հոն, ուր կը գործեն Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, Հայ դատի գրասենեակները վերոնշեալ խնդիրներու հարցով կը համագործակցին անոնց հետ:
Խօսք առնելով դեսպանը, իր գոհունակութիւնը փոխանցեց յանձնախումբի ստեղծման առթիւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց սերտօրէն համագործակցելու յանձնախումբին հետ: Արման Կիրակոսեան առաջարկեց անմիջապէս հանդիպիլ՝ քննելու համար գալիք ապրիլ քսանչորսի հետ կապուած միասնական գործունէութեան օրակարգը, ինչպէս նաեւ գալիք համատեղ աշխատանքները ծրագրելու նպատակով:
Ապա Աւստրիոյ Հայ Դատի նորաստեղծ յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Շատոյեանը ներկայացուց յանձնախումբի կազմը, եւ իր հերթին նշեց, թէ առաջին օրէն անհրաժեշտ է համագործակցիլ դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղի բոլոր հայկական կառոյցներուն հետ։