Հայ թեկնածուները կը պատրաստուին Թուրքիոյ քաղաքապետական ընտրութիւններուն


 

ԱԿՕՍ.- 30 Մարտի շրջանային ընտրութիւնները իր ոչ իսլամ, ոչ թուրք թեկնածուներու առատութիւնով կ՚առանձնանայ Հանրապետութեան շրջանի բոլոր նախորդ ընտրութիւններէն։ Արդարեւ բազմաթիւ կուսակցութիւններ իրենց ցանկերուն մէջ տեղ տուած են Հայ, Յոյն, Հրեայ, եւ Ասորի թեկնածուներու։ Քաղաքական գաղափարական սկզբունքներու բերմամբ ամենամեծ թիւով ոչ իսլամ թեկնածու ներկայացնող կուսակցութիւնը HDP (Halklar?n Demokratik Partisi) է։ Ան Իսթանպուլ Պաքըրգիւղի մէջ Նուարդ Պաքըրճըօղլուն, Կղզիներու մէջ Գայուշ Չալըքման Կավրիլոֆը, Շիշլիի մէջ Քէնան Ենիճէն եւ Անտիոքի Սամանտաղ գիւղաքաղաքն ալ Լորա Պայթար Չափարը կ՚առաջարկէ քաղաքապետութեան պաշտօնի համար։ Նմանապէս Պաքըրգիւղի մէջ Սեթա Կիւրճեան եւ ասորի ծագումով Պարպարա Քափլան Շիշլիի մէջ Բագրատ Էսդուգեան, հրեայ ծագումով Էլի Հալիկուա եւ յոյն Լարա Ֆրէսքօ, Գատըգիւղէն Մուրատ Մըխճը, Կղզիներէն ալ Էքաթէրինի Նիքոլաօ եւ Ժէրի Սուա Աքյէլ ՀՏՓ-ի ցանկերէն ընտրութիւններուն կը մասնակցին որպէս քաղաքապետական ժողովի անդամութեան թեկնածու։

Միւս կողմէ իսլամամէտ հակումներով յայտնի AKP ալ թէեւ քաղաքապետի թեկնածու չունի, բայց Պաքըրգիւղի մէջ Նորայր Էօզանթը, Անդրանիկ Շիրինօղլուն եւ Անդրանիկ Տիքթաշը, Շիշլիի մէջ Հերման Կիւրճեանը ու Կղզիներու մէջ ալ Հայրապետ Թոփլայըճըն կ՚առաջարկէ իբրեւ քաղաքապետարանի ժողովի թեկնածուներ։

Հանրապետականները եւս տարուած են այս հոսանքէն եւ Շիշլիի մէջ առաջարկած են այժմու փոխ քաղաքապետ Վազգէն Պարընի անունը, իսկ Պաքըրգիւղի մէջ Արեւ Ճէպէճիի եւ Մարկրիդ Տիքմէի անունները որպէս ՃՀՓ-ի թեկնածուներ։

Այս արշաւի ամենաանսպասելի երեւոյթը կը յայտնուի թուրք արմատական ազգայնական ՄՀՓ կուսակցութեան թեկնածուներու ցանկերուն մէջ ալ երկու Հայու անուններու երեւոյթով։ Այսպէս Պաքըրգիւղի ցանկին մէջ քաղաքապետական ժողովի անդամութեան թեկնածու են։

Բոլոր այս թեկնածութիւններու մէջ ամենաբարձր պաշտօնի համար, այսինքն բովանդակ քաղաքի մը քաղաքապետութեան համար յիշուած միակ անունը ՊՏՓ կուսակցութենէն Մարտինի քաղաքապետի թեկնածու ասորի ծագումով Ֆէպրունիյէ Աքեօլն է, որ այս պաշտօնը պիտի ստանձնէ պատգամաւոր Ահմէտ Թիւրքի հետ, Համանախագահութեան սկզբունքով։ ՊՏՓ, Միտեաթի մէջ Տիպօ Կապրիէլի եւ Հանըմ Այի, իսկ Իտիլի մէջ ալ Կեպրօ Թոքուշի անունները դրաւ իր ցանկերուն։ ՈՒՅԿԱՐ ԿԻՒԼԹԷՔԻՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.