Այցելութիւն Մուշ, Ցրոնք, Նորշէն, Առաք…


 

 

«Մեր հայազգի բարեկամները արտօնութիւն ուզեցին եւ փութացին մզկիթ, օրուայ հերթական նամազը (իսլամական աղօթք) կատարելու համար»

Հայ Ճարտարապետներու միութեան անդամներէն ճարտարագէտ Նազարէթ Պինաթլը, արուեստաբան Էլմոն Հանչէր, ճարտարապետ Ժան Կավրիլոֆի եւ իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ եռօրեայ այցելութիւն մը կատարեցէք դէպի Տարօն աշխարհ։ Մտադրած էինք Մշոյ հայկական թաղամասի մէջ կատարուած փլուզումը տեղւոյն վրայ քննել եւ հանդիպիլ քաղաքապետին հետ։ Չկայացաւ այս հադիպումը, քանի որ քաղաքապետը կը բացակայէր քաղաքէն։ Չկրցանք քննել նաեւ Քալէ Ալթը կոչեալ նախկին հայկական թաղամասի փլուզումը, քանի որ թաղի պատմական տուները հիմնայատակ փլուզուած եւ պատմական հայոց թաղը անհետացուած էր։

Առիթէն օգտուելով շրջեցանք Մուշի մերձակայ գիւղերը։ Առաջին հերթին այցելեցինք Ցրոնք, Նորշէն, Առաք գիւղերը։ Մի գուցէ ընթերցողը դժուար հաւատայ, բայց այս գիւղերու մէջ հանդիպեցանք բազմաթիւ հայերու։ Զրուցեցինք իրենց հետ, յուզումնալից պահեր ապրեցանք, հիւրասիրուեցանք իրենց սեղաններուն։ Այսպէս, սրճարանի մը մէջ շարունակուող մեր զրոյցը ընդհատուեցաւ հոճային էզանի կանչով (ԽՄԲ.- իսլամութեան աղօթքի հրաւէրի կանչը)։ Մեր հայազգի բարեկամները արտօնութիւն ուզեցին եւ փութացին մզկիթ, օրուայ հերթական նամազը (իսլամական աղօթք) կատարելու համար։ Մեզ ճանապարհելու համար մինչեւ օդակայան ընկերացան։ Ցրոնք գիւղի մէջ կան Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Յակոբ եկեղեցիները։ Անոնցմէ մին չորս պատերով ու տանիքով կանգուն է, իսկ միւսէն հետք իսկ չէ մնացած։

Նորշէնի մէջ հիացումով ու զարմանքով դիտեցինք ճարտարագիտական հրաշք մը հանդիսացող Պետրոսի ջաղացքը։ Չկրցանք յաղթահարել մեր հետաքրքրութիւնը եւ տեղացիներուն դիմեցինք որպէսզի բացատրեն ջաղացքի աշխատանքի դրութիւնը։ Նորշէնն ալ ունեցած էր երկու եկեղեցիներ, Ողղափառ Սուրբ Աստուածածինն ու Կաթողիկէ Սուրբ Սոֆիան։ Եկեղեցիներէն մին փլցուած ու տեղը մզկիթ կառուցուած է։ Միւսը եւս փլած։ Այժմ գանձախոյզերու կողմէ կողոպտուած գերեզմանատան մէջ քանի մը շիրմաքարեր մնացած են մեր օրերուն։ Նոյն օրը, երկու ժամ տեւող մագլցումէ մը վերջ կը հասնինք Առաքելոց Վանք, որուն մնացորդացը դեռ կը շարունակէ պատմութեան վկայութիւն բերել։

Երկրորդ օրը ուղղուած ենք բարձունքի վրայ բազմած Գոմեր գիւղի Սուրբ Աստուածածին վանքը։ Տեղական բարբառով Տէրա Սոր (Կարմիր եկեղեցի) կոչուած վանքէն երկար պատ մը եւ զանգակատան հիմքերը միայն մնացած են։ Կը դժուարանանք եկեղեցւոյն վայրը ճշդելու։ Նման պտոյտներու ընթացքին տեղեկացած էինք յատկապէս 1950-ական թուականներուն բազմաթիւ եկեղեցիներու փլուզման։ Սակայն նոր լսեցինք թէ Մեհմէտ Պէլէք անուն կուսակալի պաշտօնավարութեան շրջանին վանքը քանդուած եւ այդ քարերով ալ կառուցուած է Մուշի դատարանը։ Այցելեցինք այդ շէնքն ալ։ Ուշադիր նայելով կը նկատուին պատմական վանքին քարերը։

Մեր այցելութեան վերջին վայրը եղաւ ժողովուրդէն Չանկլի ալ կոչուած Սուրբ Կարապետ Վանքի մնացորդացը։ Պատմական վանքէն միայն պատ մը մնացած է մեր օրերուն։ Իսկ սրբատաշ քարերուն կարելի է հանդիպիլ շրջակայքի բոլոր բնակարաններուն, նոյնիսկ մզկիթին վրայ։
ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ«ԱԿՕՍ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.