«Մէկ տարի` մինչև 2015-ը. մեր անցեալն ու ապագան» խորագրով գիտաժողով Թուրքիոյ մէջ
Թուրքիոյ մէջ լրագրողներէ, իրաւաբաններէ և իրաւապաշտպաններէ կազմուած քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ «1 տարի` մինչև 2015-ը. մեր անցեալն ու ապագան» խորագրով գիտաժողով կազմակերպած է:
Նախաձեռնող խումբի անդամ, թրքական «Դեմոկրատ հապեր» լրատուական կայքէջի խմբագիր Մեհմէտ Կիոջեքլին, խօսելով գիտաժողովի կարևորութեան մասին, յայտնած է` Հայոց ցեղասպանութիւնը այնքան կարևոր հարց է, որ պէտք չէ թոյլ տալ, որ պետութիւնները ծառայեցնեն զայն իրենց քաղաքական շահերուն համար:
«Եթէ մեր ժողովուրդը այդքան շատ կը սիրէ պատմութիւն, պատմութեան գրքեր կը վաճառէ, պատմական ֆիլմեր կը ցուցադրէ, ուրեմն եկէ՛ք բոլորս միասին պատմութիւն կարդանք եւ ուսումնասիրենք, թէ 1915 թուականին ի՞նչ կատարուած է: Միայն այն փաստը որ 100 տարի առաջ Վանի բնակչութեան կէսը հայ եղած է ու հիմա գոյութիւն չունի, պէտք է ձեզ անհանգստացնէ: Ո՞ւր գացին այս մարդիկը, ինչո՞ւ գացին , ձեզ չի՞ հետաքրքեր»,- հարց կու տայ կիոջեքլի։