Վարանդայի զոհուած ազատամարտիկներուն նուիրուած յուշարձանի բացում


 

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանը Մարտ 14-ին մասնակցեցաւ Մարտունիի շրջանի Վարանդա գիւղի զոհուած ազատամարտիկներու յուշարձանի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:

Երկրի ղեկավարը, Վարանդա բնակավայրի ազատագրման 22-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած անձնական խիզախութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական պարգեւներով պարգեւատրած է «Արաբո» ջոկատի խումբ մը  ազատամարտիկների:

Իր խոսքին մէջ Նախագահ Սահակեան շեշտած է Վարանդայի ազատագրման կարեւորութիւնը ռազմավարական տեսանկիւնէն, առանց որուն անկարելի պիտի ըլլար ապահովել Մարտունիի շրջանի անվտանգութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.