Խրիմի հայկական գաղթօճախի պատմականը – Միջնադարու հայկական մեծագոյն գաղութը


 

 

Խրիմի ինքնավար հանրապետութիւնը 1954-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ուքրանիոյ։ Տարածքը՝ 27 հազար քառակուսի քիլոմեթր։ Բնակչութիւնը՝ 2.3 միլիոն (2001)։ Բնակչութեան ներկայ թիւը կը գնահատուի 2 միլիոն: Մայրաքաղաքը՝ Սիմֆերոփոլ (360 հազար)։ Ոչ պաշտօնական տուեալներով հայերու թիւը 15-20 հազար է։ Բնակչութիւնը բաղկացած է ռուսերէ, ուքրանացիներէ, թաթարներէ Պելոռուսերէ, հայերէ եւ այլ փոքրամասնութիւններէ:

Ռուսեր՝ 58%

Ուքրանացիներ՝ 24%

Թաթարներ՝ 12%

Պելոռուսեր 2%

Հայեր 1%

եւ այլ փոքրամասնութիւններ։

Խրիմի հետ հայերու կապը սկիզբ կ՚առնէ Տիգրան Մեծի եւ Միհրդատ Եւպատորի ժամանակներէն (ՆՔ առաջին դար)։ 7-րդ դարու սկիզբը, Խերսոնես աքսորուած հայազգի բիւզանդական իշխան Վարդանը, տեղւոյն ապստամբներու օգնութեամբ, 711-ին տապալած է Յուստինիանոս Բ-ը եւ հռչակուած Բիւզանդիոնի կայսր։ 10-րդ դարուն Խերսոնեսի հայազգի իշխաններէն Կալոկիրը փորձած է դիւանագիտական կապեր հաստատել Քիեւի իշխան Սվիաթոսլաւի հետ։

Խրիմահայ գաղութի սկիզբը եւ ձեւաւորումը եղած է տեւական պատմական հոլովոյթ. գաղթականական առաջին շրջանը ընդգրկած է 10-րդէն 11-րդ դարերը: Բիւզանդիոնի նուաճողական քաղաքականութեան, ապա սելճուքներու եւ մոնկոլներու արշաւանքներու հետեւանքով գաղթի դիմած հայութեան նկատառելի մասը Բիւզանդական կայսրութեան փոքր ասիական եւ եւրոպական տարածքներով, Սեւ ծովու կովկասեան ափերով եւ Տրապիզոն-Խրիմ ծովուղիով անցած է Խրիմի թերակղզի։ 14-րդ դարու 30-ական թուականներուն, համայնքին թիւը աճած է մոնկոլական արշաւանքներէն հայերու աննախընթաց մեծ հոսքին պատճառով, իսկ 15-րդէն 19-րդ դարերուն՝ քաղաքական եւ տնտեսական պատճառներով Հայաստանէն եւ հայաշատ վայրերէն եկած հայ գաղթականներու պատճառով։

Միջնադարուն Խրիմի մէջ եղած է հայկական ամէնէն մեծ գաղութը, 150 հազար հայութեամբ

Ճենովական պատմական աղբիւրներու  համաձայն, միջնադարեան Խրիմի մէջ հայերու թիւը եղած է շուրջ 150 հազար (թիւով զիջած են միայն թաթարներուն)։ Թերակղզին բուն Հայաստանէն եւ հայկական Կիլիկիայէն ետք հայաշատ մեծագոյն տարածաշրջանն էր։ Խրիմի մէջ հայերու թիւին, ունեցած դերին եւ ազդեցութեան մասին կը վկայէ այն, որ 15-րդ դարուն օտարերկրացիները թերակղզիի հարաւարեւելեան հատուածը անուանած են Armenia maritima (Ծովային Հայաստան) կամ «Մեծ Հայաստան»։ 13-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարու 80-ական թուականները խրիմահայ գաղութը գտնուած է թաթարական, իսկ 1475-1783-ին՝ թուրք-թաթարական համատեղ տիրապետութեան տակ։ 1260-ական թուականներէն մինչեւ 1475 թերակղզիի հարաւարեւելեան շրջանի հայութիւնը միաժամանակ ենթարկուած է Ճենովային հանրապետութեան գաղութային վարչակազմին, որ այստեղ կառավարած է թաթարներուն տուրք տալու պայմանով։

13-րդէն 18-րդ դար, հայ բնակչութիւնը կեդրոնացած է Խրիմի բոլոր նշանաւոր կեդրոններուն մէջ՝ Քաֆայի մէջ (Թէոդոսիա), Սուրխաթի մէջ՝ (Հին Խրիմ, Էսքի Կրիմ, Ստարի Կրիմ), Սուհաքի մէջ (Սուրոժ, Սուկտիա), Եւփաթորիոյ մէջ (Կօզլէ, Կոզլով), Ղարասուպազարի մէջ (Պելոկորսք), Աքմեչիթի մէջ (Սիմֆերափոլ), Պախչիսարայի մէջ, Քերչի մէջ, Քազարաթի մէջ, Փերեքոփիի մէջ (Օր ապու), Արմիանսքի մէջ (Արմիանսքի Պազար, Օրապազար), Ինքերմանի մէջ, Խերսոնեսի մէջ եւ շուրջ երկու տասնեակ հայկական գիւղերու մէջ։ Խրիմի մէջ հայ բնակչութեան նման տեղաբաշխումը աննշան փոփոխութիւններով պահպանուած է նաեւ նոր ժամանակներուն մէջ։

Խրիմահայ մեծագոյն գաղթավայրն էր Քաֆան։ Մեծ գաղթավայր էր Սուրխաթը՝ մերձակայ Ս.Խաչ վանքով, աւելի քան 10 եկեղեցիներով։ Հայութեան նշանաւոր կեդրոն էր Ղարասուպազարը՝ առաքելական եւ կաթողիկէ հայ համայնքներով։

Ազգային-եկեղեցական եւ առհասարակ ներքին կեանքի կառավարման հարցերուն մէջ խրիմահայերը օգտուած են որոշակի ինքնավարութենէ, ղեկավարուած են ազգային սովորութիւններով եւ արժէչափերով, իսկ 1519-էն ետք՝ նաեւ Մխիթար գոշի Դատաստանագիրքով։ Իբրեւ Խրիմի խանութեան բնակիչներ՝ հայերը ենթարկուած են իշխողի իրաւակարգին, սակայն թաթար աւագանին միայն առանձին դէպքերու մէջ միջամտած է անոնց ներքին կեանքի հարցերուն եւ խանութեան տնտեսական կեանքին մէջ հայերու նշանակալի դերը հաշուի առնելով՝ հանդուրժած է անոնց ներամփոփ ազգային ինքնավար վիճակի գոյութիւնը։ 

Խրիմահայերու գործերուն մէջ գերակշիռ եղած են առեւտուրը, արհեստագործութիւնը եւ երկրագործութիւնը։ 13-րդէն 15-րդ դար, երբ Խրիմը դարձած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ապրանքաշրջանառութեան հիմնական օղակ, խրիմահայերը իրենց ձեռքը պահած են թերակղզիի առեւտուրի եւ տնտեսութեան մարզը։ Անոնց գործունէութիւնը ծաւալած է բուն Խրիմի մէջ, սեւծովեան եւ Միջերկրականի արեւելեան աւազանի, սլաւոնական աշխարհի երկիրներու, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Հայ առեւտրականները Խրիմի մէջ ունեցած են իրենց միաւորները, իջեւանատուները, պահեստաշէնքերը, վարձակալած նաւերը։ Անոնց մէջ եղած են մեծ դրամատէրեր, որոնք միաժամանակ վարկաւորած են առեւտուրը։ 15-րդ դարու 2-րդ կիսուն նկատելի դարձած է խրիմահայերու մասնակցութիւնը Խրիմ-Ռուսիա տնտեսական ու քաղաքական կապերու զարգացման (հայ վաճառականները յաճախ հանդէս եկած են նաեւ դիւանագիտական առաքելութեամբ)։ Հիւսիսի հետ աշխուժացած ցամաքային առեւտուրին նպաստելով՝ հայերը 1736-ին հիմնած են Օրապազար (Արմեանսքի բազար) քաղաքը։

Խրիմի հայկական գիւղերու, ինչպէս նաեւ քաղաքային հայ բնակչութեան նկատելի հատուածը զբաղած է այգեգործութեամբ, դաշտավարութեամբ, անասնապահութեամբ։ Իւղատնտեսական արտադրանքի մէկ մասը հանուած է շուկայ՝ վաճառքի։

Հայերը Խրիմի մէջ ծաւալած են նաեւ շինարարական լայն գործունէութիւն, կառուցելով հոգեւոր եւ քաղաքացիական բազմաթիւ շինութիւններ։ Միայն Քաֆայի մէջ 12-րդէն 16-րդ դար անոնք կառուցած են շուրջ 30 եկեղեցի։ Քանի մը տասնեակ եկեղեցիներ կառուցած են Սուրխաթի, Ղարասուպազարի, Արմեչիթի, Արմիանսքի բազարի, Սուտաքի մէջ եւ այլուր։ Հայկական նշանաւոր կառոյցներէն են մինչեւ օրս պահպանուած Ստարի Կրիմի Ս.Խաչ վանքը՝ իր տաճարով (1358), Քաֆայի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ(1348), Ս. Սարգիս(13-րդ դար), Միքայէլ ու Գաբրիէլ հրեշտակապետաց (1408) եւ Ս. Ստեփանոս(1491) եկեղեցիները, Պախչելի գիւղի մօտ՝ Ս.Փրկիչ վանքը (14-րդ դար)։ Համալիր մեծ կառոյցներ էին Քաֆայի հայկական պաշտպանական պարիսպը (14-րդէն 15-րդ դար), հայկական ջրմուղները Քաֆայի մէջ եւ Երկխարիսխեան ծովախորշի մէջ(14-րդ դար)։ Աւանդական եղած են աղբիւր-յուշարձաններ կառուցելը, խաչքարեր կանգնեցնելը։

Դարեր շարունակ խրիմահայերը առեւտրական, քաղաքական, մշակութային եւ եկեղեցական սերտ կապեր պահպանած են Հայաստանի, Հայկական Կիլիկիոյ, ինչպէս նաեւ հայկական այլ գաղութներու հետ։ Միաժամանակ, անոնք տարբեր առիթներով իրենց վրայ սեւեռած են այլ վայրերու մէջ ապրող ազգակիցներու ուշադրութիւնը։ Էջմիածինէն, Երուսաղէմէն ու հայ եկեղեցւոյ այլ կեդրոններէն զանազան նպատակներով եւ առաջին հերթին հանգանակութիւններ կատարելու համար պարբերաբար պատուիրակութիւններ եկած են Խրիմ։ Հայրենիքի հետ կապերու աշխուժացման նպաստած են փոխադարձ ուխտագնացութիւնները, մշակութային գործիչներու փոխայցելութիւնները եւ անոնց տեւական գործունէութիւնը խրիմահայ վանքերուն եւ դպրութեան կեդրոններուն մէջ։ Խրիմահայերը սերտ կապեր պահպանած են Պոլիսի եւ, մանաւանդ, լվովի ու շրջակայ լեհահայ միւս գաղութներու հետ։ Այդ կապերու արտայայտութիւններէն էր 1363-ին Քաֆայի հայ վաճառականներու նուիրատուութեամբ Լվովի հայկական մայր տաճարի կառուցումը։
(Շարունակելի)


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.