Իսրայէլի նախկին նախարարը կը քննադատէ Նաթանիահուի կառավարութիւնը, «Նախքան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժեցիք»
1522
0
Իսրայէլի կրթութեան նախկին նախարար Եոսի Սարիտը հրէական «Haaretz» թերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ քննադատած է Բենիամին Նաթանիահուի կառավարութիւնը:
Նախկին նախարարը «Ոչ թէ սկզբունքներու, այլ շահերու երկիր» վերնագրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն։ Սարիտ կառավարութիւնը մեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեանը ճանաչումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պատճառով օրակարգէ դուրս մղելու համար:
Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով նախկին նախարարը մասնաւորապէս ըսած է.«Ցեղասպանութիւնն ալ մերժեցինք մինչ Էրտողան մեզ հրապարակաւ կը մեղադրեր։ Նախքան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը, Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժեցիք»: