ՆՈՐ ՍՓԻՒՌՔ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄ


 

Անցնող քսանամեակի վերիվայրումներէն եւ խարխափումներէն յետոյ, հայ-թրքական փրոթոքոլներու վտանգաւոր ռիսկային գրաւէն յետոյ, հայկական դիւանագիտութիւնը կարծես թէ ազգային շահի պաշտպանութեան բանական հունը կը մտնէ: «Ազգային շահ» ըսելով հոս պիտի հասկնանք արտաքին քաղաքականութեան այն ուղղուածութիւնը որ ներազգային ոլորտին մէջ համախոհութիւն կ’առաջացնէ եւ, առ այդ, պետական նախաձեռնութիւններուն կ’ապահովէ ե՛ւ հայրենաբնակ հայութեան, ե՛ւ Սփիւռքի զօրակցութիւնը: Նախարար Էտուարտ Նալպանտեանի ելոյթը ՄԱԿ-ի մէջ ի խնդիր Ցեղասպանութեան յիշատակման, նախագահ Սարգսեանի դիմումը Տապլինի մէջ եւրոպական պետութիւններուն՝ սահման դնելու ատրպէյճանական հայատեացութեան օրինակներ են որոնք միայն կարելի է ողջունել, կեցուածքներ են որոնց շուրջ կարելի չէ չհամախմբուիլ թէկուզ եւ ներկայ իշխանութիւններու ընդդիմութեան եւ անոնց հետեւորդ զանգուածին համար: Միեւնոյն տրամաբանութեամբ պէտք է ենթադրել, որ կան ազգային նպատակներ, որոնց շուրջ համախմբումը բնական է հայ ժողովուրդի համար: Այսինքն, ի՛նչ ալ ըլլան մեր ներազգային մշակութային, դասակարգային, գաղափարախօսական, յարանուանական թէ հատուածային տարակարծութիւններն ու բաժանումները, հայ ժողովուրդը այնուամենայնիւ նուաճած է գիտակցութեան այն մակարդակը, ուր ազգային էական խնդիրներու շուրջ տարակարծութիւն չի կրնար ըլլալ: Նման պահեր, ընդունինք, քիչ եղած են մեր պատմութեան մէջ: Թերեւս շատ աւելի են այն իրողութիւնները երբ ներազգային տարակարծութիւն, պառակտում եւ իշխանութեան համար պայքար եղած է քան միասնականութիւնը: Ի վերջոյ, արդիական իմաստով մէկ ազգի հասկացողութիւնը կրօնական-յարանուանական բաժանումներէն անդին հազիւ տասնիներորդ դարու երկրորդ կիսուն նախ Զարթօնքի շարժումով եւ ապա ազգային-ազատագրական պայքարով կերտուած ինքնութիւն է, որ, դժբախտաբար, քսաներորդ դարուն, եւ յատկապէս Պաղ Պատերազմի օրերուն, պառակտուեցաւ խորհրդային կարգերու թեր եւ դէմ բաժանման գիծով: Արցախեան շարժումն ու ազգային պետականութեան վերականգնումը ստեղծած են ազգային միասնականութեան եւ գիտակցութեան կերտումի նոր առիթ: Արդէն քառորդ դար է որ այդ առիթը չփախցնելու ճիգը կ՚ընենք…

Եթէ հայրենի դիւանագիտութեան այս նորագոյն ակտիւացումը ազգային երկու հիմնախնդիրներու՝ Ցեղասպանութիւն եւ Սումկայիթ հաստատ յանձնառութիւն մըն է, ապա եւ անոր արդիւնաւորման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ սփիւռքեան զօրաշարժի թափին բազմապատկումը: Սումկայիթն ու Ցեղասպանութիւնը կը նշենք հոս առանց ազգային միւս հիմնախնդիրները, սկսելով Արցախէն, անտեսելու: Այս երկու հիմնախնդիրները հոս լուսարձակի տակ առնելու միակ պատճառը անոնց նկատառելի վերադարձն է հայկական դիւանագիտութեան օրակարգին վրայ, մինչ, ինչպէս այլ առիթներով նշուած է, Սումկայիթին շուրջ մօտ քսանամեայ անհասկնալի լռութիւն մը կամ նախաձեռնութեան բացակայութիւն մը կար, իսկ հայ-թրքական փրոթոքոլները Ցեղասպանութեան հիմնահարցին շուրջ ստեղծեցին բոլորին ծանօթ ներազգային ճգնաժամը: 

Սփիւռքեան զօրաշարժը պատմականօրէն առընչակից է Ցեղասպանութեան արդարահատոյցի պահանջատիրութեան: Սփիւռքը ինքզինք կազմակերպեց, պետականազուրկ ժողովուրդի մը քաղաքական ինքնութիւն կերտեց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջով: Ճիշդ է, Եղեռնի Յիսնամեակը եկաւ ցոյց տալու որ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը ոչ միայն ձախողած է անոր յիշողութիւնը արմատախիլ ընել հայրենի հայութեան մօտ, այլ, ընդհակառակը, Ցեղասպանութեան արդարահատոյցը շատ աւելի բարձրակոչ ձեւով Երեւանի փողոցներուն մէջ է որ կապուեցաւ հողային պահանջատիրութեան: Ղարաբաղեան Շարժումն ու Սումկայթը եկան յուշելու թէ որքանով առընչակից են Ցեղասպանութեան արդարահատոյցն ու հողային պահանջատիրութիւնը: ՀՀՇ-ական շրջադարձը դէպի նէօլիպերալիզմ եւ անոր գաղափարախօսական մեկնակէտով անկախ պետականութեան կերտումն ու, անշուշտ, տնտեսական անցումը դէպի շուկայական յարաբերութիւններ արցախեան ազատամարտի ամբողջ վեց տարիներուն իրարու հետ առընչուած Ցեղասպանութիւն/Սումկայթ-հողային պահանջատիրութիւն/Արցախի ազատագրութիւն քաղաքական հասկացողութիւնը ջրեց ի խնդիր «բարիդրացիական յարաբերութիւններու» հասկացողութեան եւ անոր ծիրին մէջ՝ Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու ձգտումը: Սկզբունքով ոչ ոք կրնար առարկել նման կեցուածքի միջազգային դրական ընկալումին: Կը մնար թէ այդ ունէր իր գինը, որոնց կարգին՝ Ցեղասպանութեան հարցը պետական քաղաքականութեան օրակարգին չանցնելու որոշումը, Սփիւռքին քաղաքացիութեան իրաւունքի մերժումը ի մէջ այլոց:

Ազատ ու անկախ Հայաստանի տնտեսական անցումը նէօլիպերալ «շոքային» քաղաքականութեան տարբերակին միջոցաւ իրականացումն ու մենաշնորհային դրամատիրութեան հաստատագրումը անկախութեան յաջորդող այս աւելի քան երկու տասնամեայ ժամանակաշրջանին ունեցաւ իր ընկերային անդրադարձը ի դէմս Հայաստանէն արտագաղթին առաջացնելով այն ինչ պաշտօնականացած է որպէս «նոր» Սփիւռք: Յղացքի գործածութիւնը կրնայ արդիւնք ըլլալ այլընտրանքային տերմինի մը բացակայութեան, կամ ունենալ քաղաքական նպատակամղուածութիւն՝ միասնականութեան ինքնութիւն մը յուշելու արտասահմանեան հայութեան: Բայց այս գործածութիւնը շատ աւելի շփոթեցնող է տրուած ըլլալով որ, առաջին, Հայաստանէն արտագաղթը հիմնականօրէն լաւագոյն կենսապայմաններ եւ ապագայի փնտռտուքով իրականացած է եւ կապ չունի իր հայրենիքէն բռնի տեղահանուած ազգային հաւաքականութեան մը քաղաքական ինքնութեան գիտակցումին հետ, եւ, երկրորդ, իրողութիւն է որ մինչեւ այսօր, բացառութիւնները յարգելով հանդերձ, չկայ մէկ Սփիւռք, չկայ թէկուզ եւ «դասական» եւ «նոր» Սփիւռք, այլ պարզապէս կայ Սփիւռք եւ Հայաստանէն տնտեսական պատճառներով արտագաղթածներ:

Մէկ խօսքով, եւ ի գին թերեւս որոշ շփոթանքի եւ անարդար ընդհանրացումի, Սփիւռքը իր սահմանումով իսկ ինքնութեան հարցով քաղաքականացած հաւաքական գիտակցութիւն է, իսկ Հայաստանէն արտագաղթը զուրկ է նման քաղաքականացումէ: Հետեւաբար, պէտք չէ զարմանալ, որ, դարձեալ յարգելով ամէն բացառութիւն, Սփիւռքի համայնքներուն մէջ Ցեղասպանութեան, Սումկայիթի թէ ազգային այլ հիմնախնդիրներով տեղի ունեցած զօրաշարժերուն Հայաստանէն արտագաղթածները ընդհանրապէս բացակայ են, մասնակից չեն անոնց, եւ թերեւս նոյնիսկ նման յանձնառութեան մը անհրաժեշտութիւնը չեն զգար: Երեւոյթին տրուած հանրածանօթ բացատրութիւններէն անդին դեռեւս չկան հասարակագիտական անհրաժեշտ ուսումնասիրութիւններ, որոնք բացայայտեն այս զանգուածին մօտ քաղաքականացման բացակայութիւնը, նման յանձնառութեան նկատմամբ անոնց անտարբերութիւնը, կամ մի գուցէ նոյնիսկ ապաքաղաքականացումը, որովհետեւ անոնց մէջ վստահաբար կան եւ անհատներ, եւ թերեւս հատուածներ ամբողջ, որոնք դերակատար եղած են արցախեան պատերազմին թէ Հայաստանի անկախութեան գործընթացին նախքան արտաղթի որոշումն առնելը:

Սակայն ի՛նչ ալ ըլլան երեւոյթին մակերեսային բացատրութիւնը թէ խորքային պատճառները, Հայաստանէն արտագաղթած զանգուածին քաղաքականացումը այլեւս անհրաժեշտութիւն մըն է: Առաջին, որովհետեւ այդ արտագաղթը արդէն հայրենիքէն դուրս ծնած եւ հասակ առած առաջին սերունդի մը ծնունդ տուած է եւ այդ սերունդը ազգային ինքնութեան պահպանման հարց ունի, կամ կրնայ ունենալ եթէ այդ հարցով գիտակցութիւն առկայ էր իր ծնողքին մօտ: Երկրորդ, այդ զանգուածը արդէն թուային իմաստով կարեւոր է եւ Սփիւռքի զօրաշարժին իր մասնակցութիւնը անկասկած այդ զօրաշարժին թափը պիտի բազմապատկէ: Երրորդ, ի դէմս պետական քաղաքականութեամբ եւ նիւթական թէ այլ հովանաւորումներով քաղաքականապէս հետզհետէ աւելի ակտիւացող թրքական եւ ազերիական համայնքներու հետ առճակատումը Սփիւռքի համար արդէն օրակարգի վրայ է: Չորրորդ, եւ ինչպէս սկիզբը նշուեցաւ, եթէ հայրենի դիւանագիտութեան ակտիւացման յուսալի նշանները պիտի վերածուին գործընթացի, ապա եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը անպայմանօրէն պէտք պիտի ունենայ սփիւռքեան զօրաշարժին եւ զօրակցութեան, եթէ ոչ երբեմն նոյնիսկ արտաքին քաղաքականութեան մէջ անոր ներգրաւման եւ ուղղակի մասնակցութեան: 

Կը մնայ որ Հայաստանէն արտագաղթած զանգուածի քաղաքականացումը հազիւ թէ բնական կամ ինքնաբուխ գործընթաց մը ըլլայ: Այն հիմնականին մէջ, առնուազն արտախորհրդային տարածաշրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող հայ համայնքներուն պարագային, Սփի՛ւռքի մարտահրաւէրն է: Խօսքը չի վերաբերիր միայն այդ զանգուածի համայնքային համարկման, այլ՝ ազգապահպանական նախաձեռնութիւններէն անդին անոնց մօտ քաղաքական զօրաշարժի հանդէպ հետաքրքրութիւն, շահագրգռութիւն եւ յանձնառութիւն առաջացնելու աշխատանքին: Նման առաջադրանք հասկնալիօրէն չի կրնար աշխատանքային ծրագրի վերածուիլ Սփիւռքի պատմական փորձառութեան վրայ հիմնուելով միայն: Օրինակի համար, եթէ Սփիւռքեան իրերայաջորդ սերունդներ կեդրոնացան միայն ինքնութեան հարցին վրայ եւ անոր հիման վրայ զարգացաւ քաղաքական գործունէութիւնը, պատճառներէն ամենէն հիմնականը անշուշտ այն ժամանակ խորհրդային վարչակարգի պատճառով Հայաստանի ներքին հոլովոյթներուն մասնակցութեան անկարելիութիւնն էր: Այսօր Հայաստանէն արտագաղթած զանգուածի քաղաքականացումը շատ հաւանաբար սկսի հիմնականօրէն հայրենի գործընթացներու մասնակցութեան կամ առնուազն անոնց քննարկման նախաձեռնութիւններով: Թէ ազգային հիմնախնդիրները, այս պարագային՝ Ցեղասպանութիւն եւ Սումկայիթ, պիտի ի վերջոյ ամրագրուին անոնց մտահոգութիւններու եւ հաւաքական յանձնառութիւններու շարքին՝ անկասկած: Սակայն մեկնակէտը հայրենի իրականութիւնն է՝ անկախ պետականութեան հզօրացումը, ազգային անվտանգութիւնը եւ հայրենաբնակ, ներառեալ Արցախի, հայութեան ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակը:

Նման նախանձախնդրութիւն, ի դէպ, նաեւ կրնայ առիթ տալ որ Սփիւռքն ալ յաւելեալ ճիգ ընէ հայրենի իրականութեան գործընթացին մէջ իր տեղը գտնելու իմաստով: Եւ թերեւս այդ պարագային կրնանք այլեւս նոր Սփիւռքի մը մասին խօսիլ: «Նոր»՝ ոչ թէ Հայաստանէն արտագաղթած զանգուածը «դասական»էն զանազանելու նպատակով, այլ՝ ե՛ւ քանակային, ե՛ւ որակային իմաստով աւելի աշխուժացած, կազմակերպուած եւ զօրաշարժի ենթարկուած համայնքներու իմաստով:    

Խ. Տէր Ղուկասեան  


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.