Հայկական Հետախուզութիւնը Կը Հետեւի Ատրպէյճանցի Սպաներու Զրոյցներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական հետախուզութիւնը կ՛ունկնդրէ Ատրպէյճանի բանակի ղեկավարութեան հեռախօսներու զրոյցերուն, ինչի հետեւանքով` ատրպէյճանական բանակին մէջ արգիլուած է սպաներուն օգտագործել բջջային հեռախօսներ:
Ատրպէյճանական «Ենի Մուսաւաթ»ը կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի մէջ իրարանցում յառաջացուցած այս մասին տեղեկութիւնները բացայայտած է ռազմական փորձագէտ Ուզէյր Ճաֆարով: Ան նշած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ մարտական գօտիէն ներս տեղակայուած միաւորումներու եւ զօրամասերու հրամատարներուն հետ պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի վերջերս կայացած խորհրդակցութեան բոլոր մանրամասնութիւնները` հայկական կողմը լսած եւ երկրի ղեկավարութեան փոխանցած է:
«Այդ գաղտնի հանդիպման բոլոր մանրամասնութիւններուն մասին հայկական կողմին տեղեկացած ըլլալը շշմեցուցած է Ատրպէյճանի զօրավարները: Յայտնի դարձած է, որ հայկական կողմը այդ խորհրդակցութեանց հետեւած է բջջային հեռախօսակապի միջոցով», գրած է փորձագէտը:
Ճաֆարով հեգնանքով աւելցուցած է, որ «մարտական գործողութիւն տեսած» նախարարը հրամայած է պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ծառայութեան ընթացքին արգելիլ բջջային հեռախօսներու օգտագործումը. այնուհետեւ, ամէն օր անձնակազմէն կը հաւաքեն հեռախօսները: Սակայն, որոշ բարձրաստիճան սպաներ կը շարունակեն պահել իրենց հեռաձայնները:
Ռազմական փորձագէտը գրած է նաեւ, թէ կարեւոր որոշումներ եւ ռազմական գաղտնիքներ պահպանելու համար, սպաներէն եւ ենթասպաներէն հեռախօսներ հաւաքելը, իսկ բարձրաստիճան սպաներու նման արտօնութեան ճանաչումը անարդիւնաւէտ է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.