Հայաստանի Ռուսական Օդանաւային Խարիսխը Պիտի Օժտուի Նոր «Միկ 29»երով


MiG-29 “Fulcrum”  կործանիչ ռազմօդանաւ Էրեբունի ռազմական օդակայանին մէջ

 

«Չորրորդ սերնդի «Միկ-29» կործանիչի խմբաքանակը տեղ է հասել Հարաւային ռազմական շրջանի Էրեբունի ռուսական աւիացիոն բազա կապիտալ վերանորոգումից յետոյ: Այս պահին աւիաբազայում ընդունում են ինքնաթիռներն ու նախապատրաստում դրանք՝ շահագործման համար»:

 «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հարաւային ռազմական շրջանի մամլոյ ծառայութեան ղեկավար գնդապետ Իկոր Կորպուլը, որ աւելցուցած է, թէ «Միկ-29» կործանիչը նախատեսուած է օդին մէջ գերակայութեան նուաճման համար, երկրի վրայ գտնուող թիրախներու կործանման համար, ինչպէս նաեւ օրուան որեւէ պահու, եղանակային որեւէ պայմաններու մէջ թշնամիին օդանաւերու ոչնչացման համար: Սպառազինութեան կառավարման համակարգին մէջ կայ նաեւ նշանակէտային համալիր եւ նշանադրման համակարգ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ 4 Մարտին տեղի ունեցած է զէնքի օծման արարողութիւն: Ռուսական ռազմակայանի հրամանատարի հաւատացեալ զինուորներու օգնական, վարդապետ Անտրէյ Վացը լրագրողներուն յայտնած է, որ զէնքը օծելու աւանդոյթը կու գայ հին ժամանակներէն: «Որպէսզի զէնքը ծառայէ հայրենիքի պաշտպանութեան: Զինուորը չ՛երթար սպաննելու, այլ պաշտպանելու հայրենիքը՝ վտանգելով իր կեանքը», նշած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.