Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչը հանդիպեցաւ Պրիթիշ Գոլոմպիայի Արդարութեան նախարարարուհիին եւ բազմամշակութային հարցերու նախարարին հետ


 

Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Արդարութեան նախարարուհի Սուզան Անթոնի հրաւէրին ընդառաջելով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի ներկայացուցիչ Վահէ Անտոնեան, Մարտ 1-ին ներկայ գտնուեցաւ նահանգի արդարութեան նախարարարութեան Վանգուվըրի նոր գրասենեակի բացման հանդիութեան, որուն ընթացքին Վահէ Անտոնեան առանձնազրոյցներ ունեցաւ արդարութեան նախարար Սուզան Անթոնի և նահանգային բազմամշակութային նախարար Ճոն Եափի հետ, յատկապէս անոնց ուշադրութեան յանձնելով Վանգուվըրի հայ գաղութը շահագրգռող շարք մը հարցեր։ Վահէ Անտոնեան նախարարներուն հրաւէր ուղղեց որպէսզի ներկայ գտնուին Վանգուվըրի մէջ կայանալիք Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման յառաջիկայ հանդիսութիւններուն։   


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.